Վարչապետ Փաշինեան Սեպտեմբեր 27-ին, Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ—ի Ընդհանուր համագումարի 80-րդ նստաշրջանին։
Ան իր ճառին մեծ մասը յատկացուցած է Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման նիւթին, մանրամասնօրէն ներկայացնելով այդ ճամբուն վրայ վերջին տարիներուն քայլ առ քայլ արձանագրուած նուաճումները։
Վարչապետը յայտարարած է, որ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է, սակայն պէտք չէ սա նկատել վերջնակէտ, այլ ամէնօրեայ աշխատանք եւ խնամք պահանջող գործընթաց։
Որպէս այս խաղաղութեան իրաւական հիմք, ան յիշատակած է 1991-ի Ալմա—Աթայի հռչակագիրը, որուն համաձայն երկու երկիրները կը ճանչնան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը՝ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի վարչական սահմաններով։ Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի տարածքը նոյնն է Խորհ. Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հետ, իսկ Ազերպայճանինը՝ Խորհ. Ազերպայճանի տարածքին։ Վարչապետը խաղաղութեան գործընթացին մէջ շրջադարձային համարած է Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած համաձայնագիրը եւ ատոր մէջ ԱՄՆ—ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անհերքելի դերը։
Վարչապետ Փաշինեան, այս համածիրին մէջ խօսած է նաեւ «Թրամփի ուղի»-ին մասին՝ նշելով, որ ան պիտի ապահովէ Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն՝ Հայաստանի տարածքով, յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը։ Միաժամանակ Փաշինեան մերժած է Ազերպայճանի կողմէ գործածուող «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը՝ ըսելով, որ սա համաձայնութեան արժանացած փաստաթուղթերուն մէջ չկայ եւ կ՚ընկալուի իբրեւ հողային պահանջ։
Իր ելոյթին մէջ վարչապետը ընդգծած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը եւ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպումներու դրական ընթացքը՝ նպատակ ունենալով հաստատել դիւանագիտական կապեր եւ լիովին բանալ սահմանը։
Ան յայտարարած է, որ Հայաստան սկսած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթաց՝ աւելցնելով, որ սա պէտք է դիտել ոչ թէ աշխարհաքաղաքական, այլ ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ արժէքներու յանձնառութիւն։
Այս առթիւ Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք պիտի կազմակերպուի նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէ՝ երկրի ժողովրդավարական հիմքերը ամրապնդելու համար։
Ինչ կը վերաբերի միջազգային ասպարէզի մէջ երկրին ներգրաւման՝ վարչապետը ըսած է, որ 2026-ը կարեւոր տարի մը պիտի ըլլայ Հայաստանի համար, որ պիտի հիւրընկալէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը եւ ՄԱԿ—ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաժողովը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։