Սեպտեմբեր 27-ին, Սպիտակ տան մէջ, ԱՄՆ—ու նախագահ Թրամփ ընդունած է իր թուրք պաշտօնակից Էրտողանը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Եթէ թուրք մամուլը կը նախընտրէ իրեն հաճելի մասերը առանձնացնել այդ հանդիպումէն ու գրել կամ ցոյց տալ, թէ ինչպէս Թրամփ բազկաթոռը կը բռնէ Էրտողանի ու մեղմօրէն կը քշէ անոր տակը, այդ վերաբերումը բնութագրելով որպէս յարգանքի ծայրագոյն նշան, անդին ընկերային ցանցերու մէջ ինչպէս կ՚ըսուի «վիրալ» (փոխանցիկ, այսինքն՝ ձեռքէ—ձեռք անցնելով դիտուող) դարձած է այդ հանդիպումէն ուրիշ հատուածի մը տեսանիւթը։
Հոն, Թրամփ ընդունելով իր թուրք հիւրերը, նախ կու տայ շողոքորթութեան բացառիկ դասընթացք մը, զանոնք բոլորն ալ որակելով շատ խելացի, ապա իրեն յատուկ «երգիծանքով» աւելցնելով, որ «այդ մէկը բնաւ իր գործին չի գար» եւ այլն, փոխարէնն ալ «ես»-ը շոյուած հիւրերէն խլելով կեղծաւոր խնդուքներ։ Այնուհետեւ, Թրամփ տեսախցիկին ուղղուած իր բացատրութեան մէջ կ՚ըսէ, թէ Էրտողանի հետ բարեկամ է երկար ժամանակէ ի վեր, միշտ ալ կապի մէջ մնացած է, նոյնիսկ այն չորս տարիներու ընթացքին, երբ ինք պարտադրաբար «աքսորեալ» էր կեղծուած ընտրութիւններու պատճառով։ Յետոյ կը դառնայ Էրտողանի կողմը ու կ՚ըսէ քմծիծաղը դէմքին, ակնարկելով անոր. «Ինք ոեւէ մէկէն աւելի լաւ գիտէ, թէ ինչ կը նշանակեն կեղծուած ընտրութիւններ»…։
Հետաքրքրականը այն է, որ Թրամփի այս ծանրակշիռ խօսքերէն ետք զարմանքի կամ դժգոհութեան ոչ մէկ նշոյլ կը նշմարուի Էրտողանի դէմքին, ընդհակառակն՝ շա՜տ թեթեւ ժպիտ մը։ Կա՛մ անոր անգլերէնի իմացութիւնը բաւարար չէ եղած ըմբռնելու ըսուածը (եւ եթէ այդպէս է, թերեւս թարգմանիչն ալ ինքնակամ «մկրատած» է այդ բաժինը), կա՛մ ալ այդ նեղ կացութեան մէջ լաւագոյն ռազմավարութիւնը համարած է հակազդեցութիւն ցոյց չտալ։