ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբին փառաւոր համերգը Մատլէնի հեղինակաւոր եկեղեցւոյ մէջ

Սեպտեմբեր 25-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բարձր հովանաւորութեան ներքոյ, Փարիզի խորհրդանիշ համարուող վայրերէն մէկուն՝ անուանի Մատլէնի եկեղեցիին մէջ առաջին անգամ համերգային ծրագրով հանդէս եկաւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան հետ համագործակցաբար, Ֆրանսայի ՀԲԸՄի եւ «Հայաստանի դեսպանութեան բարեկամներ» միութեան աջակցութեամբ:

Լեփլեցուն եկեղեցւոյ մէջ խմբավար Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ սենեկային նուագախումբը ֆրանսացի երաժշտասէր հանդիսատեսին ներկայացուց Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Ռոբերտ Ամիրխանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, ինչպէս նաեւ Շառլ Ազնաւուրի սիրուած ստեղծագործութիւնները:

Երեկոյթի ընթացքին ելոյթ ունեցան սոփրանօ Հայարփի Եղիկեան, հոպուայի վարպետ Յակոբ Մուրադեան եւ դաշնակահարուհի Սոնա Բարսեղեան։

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան համերգի բացման խօսքին մէջ յատկապէս վեր առաւ հայկական հարուստ երաժշտական ժառանգութիւնը լայն հանրութիւններու ներկայացնելու կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով համերգի նշանակալի դերը այդ առումով: Ան խորհրդանշական համարեց, որ այս ձեռնարկը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձէն ընդամէնը քանի մը օր ետք՝ ինչ որ զայն կը վերածէր Հայաստանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան իւրայատուկ տօնակատարութեան:

Նշենք, թէ այս համերգին ներկայ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու շարքին էին զանազան երկիրներու դեսպանութիւններէ ներկայացուցիչներ, ի շարս որոնց Թուրքիոյ ներկայացուցիչը։