Պելճիքայի հայոց յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Պրիւսէլի ամենաբանուկ հրապարակներէն Place de la Monnaie-ի վրայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած է համերգ՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 34-րդ տարեդարձին:
Պրիւսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին համաձայն՝ համերգին մասնակցած են ամբողջ Պելճիքայէն եօթը հայկական պարային խումբեր:
Բացման իր խօսքին մէջ Պելճիքայի հայոց յանձնախումբի նախագահ Ռոպէր Ունուսեան նշած է, որ արդէն հինգ տարի է՝ Սեպտեմբեր ամիսը հակասական զգացումներու ամիս էր իւրաքանչիւր հայու համար։ Ան աւելցուցած է, որ հիմա Սեպտեմբերը նաեւ 44-օրեայ պատերազմի սկսման ու 2023-ին Արցախի հայաթափման տարելիցի ամիս դարձած է:
“Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, վտանգներուն ու այսօրուան մտահոգիչ իրավիճակին՝ հայ ազգը կանգուն է եւ կը շարունակէ զարգանալ, յառաջանալ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ սփիւռքի մէջ”,– շարունակած է Ունուսեան:
Անոր ելոյթէն ետք, հայկական մեղեդիներն ու պարերը, հայկական գինին ու խոհանոցը, հրապարակին վրայ տիրած հայկական ոգին վայելած են ոչ միայն համայնքի անդամները, այլեւ պելճիքացիներն ու անցորդ զբօսաշրջիկները, որոնք համերգի վերջաւորութեան միացած են քոչարիին: Հազարէ աւելի անձեր ճաշակած են հայկական ճաշատեսակներն ու ծանօթացած հայկական մշակոյթին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։