Վարչապետը համոզուած է՝ 2026-ի ընտրութիւններուն ժողովուրդը պիտի երկարաձգէ ՔՊ-ին տուած կառավարման լիազօրագիրը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 29-ին, Սթրազպուրկի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած կարճ զրոյցին  այն համոզումը յայտնած է, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժողովուրդը պիտի երկարաձգէ ներկայի իշխանութիւններուն տուած կառավարման լիազօրագիրը

Ես մեծ համոզմունք ունեմ, որ 2026թ խորհրդարանական ընտրութիւններում ժողովուրդը Հայաստանի կառավարման՝ մեզ տուած մանդատը երկարացնելու է: Որովհետեւ մեր վարած «Խաղաղութեան օրակարգի» քաղաքականութեան հեղինակը ժողովուրդն է,– ըսած է Փաշինեան: