Երեւանի մէջ բանտարկուած՝ Սամուէլ Կարապետեան Ֆրանսայի կառավարութեան կը դիմէ

Հայաստանի ամենամեծ ընկերութեան՝ «Տաշիր»-ի սեփականատէր, Մայր Աթոռի բարերար Սամուէլ Կարապետեան աւելի քան 90 օր է կը գտնուի ճաղերուն ետին,ՊետութիւնԵկեղեցի վէճին մասին իր «կը լուծենք մեր ձեւով» յայտարարութիւնըպետականապահովութեանդէմուղղուածսպառնալիքհամարուածըլլալով։

Ներկայիս, Սամուէլ Կարապետեան իր ֆրանսացի փաստաբաններուն միջոցով դիմած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար ԺանՆոէլ Պառոյին՝ «անարդար բանտարկութեան առնչութեամբ, որ կը շարունակուի 2025-ի Յունիսէն ի վեր»։

Փաստաբաններուն այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի.

«Սամուէլ Կարապետեան բանտարկուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած վէճին հետեւանքով։ Այս վէճը կը վերաբերի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դէմ վարչապետին կողմէ մղուող արշաւին, որուն հիմքին ալ ակնյայտօրէն կը գտնուին երկու անձերուն միջեւ քաղաքական մրցակցութիւնը եւ պրն Փաշինեանի՝ Տաշիր խումբը կազմող ընկերութիւնները իւրացնելու փափաքը։

Ֆրանսական իշխանութիւններուն դիմելու խնդրանքով Սամուէլ Կարապետեան իր ֆրանսացի փաստաբաններուն յղած է նամակ մը, ուր կը բացատրէ թէ քրէական դատավարութեան ամենատարրական սկզբունքները լայնօրէն ոտնահարուած են. բանտարկութեան պատճառը երեւակայական է, բողոքարկումը մերժուած է իշխանութեան մօտիկ եւ յատկապէս նշանակուած դատաւորի մը կողմէ, որ անմիջապէս պաշտօնի բարձրացում ստացած է, իսկ միւս դիմումները քննուած են դարձեալ իշխանութեան մերձաւոր անձի մը կողմէ։

Այս իրողութիւնները ա՛լ աւելի ցաւալի են, քանի որ պրն Փաշինեան ընտրուած էր արդիականացման խոստումներով։ Հայաստանի մէջ իր որդեգրած բռնատիրական շրջադարձը, պրն Կարապետեանի պարագայով, ակնյայտ կը դառնայ։

Քանի որ Ֆրանսա եւ Հայաստան հին բարեկամութիւն ունին եւ երկուքն ալ անդամ են մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը եւ իրաւունքի գերակայութիւնը երաշխաւորող միջազգային բազմաթիւ դաշնագրերու (Եւրոպայի Խորհուրդ, Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիր, ԵԱՀԿ…), Ֆրանսան իրաւական հիմքն ունի միջամտելու պրն Կարապետեանի ազատ արձակման համար։ Այդ պատճառով ալ, ան 2025 Սեպտեմբեր 29-ի նամակով,– որուն ստացումը Արտաքին գործոց նախարար պրն ԺանՆոէլ Պառօ հաստատած է,– դիմած է ֆրանսական կառավարութեան օգնութեան»։