Հայաստանի վարչապետը Հոկտեմբեր 2-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Դանիա, ուր նոյն օրը մասնակցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի 7-րդ վեհաժողովին:
Նախքան վեհաժողովը, վարչապետը հանդիպումներ ունեցած է Ազերպայճանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն հետ։
Փաշինեան նախ հանդիպում ունեցած է Ազերպայճանի նախագահին հետ։
Զրոյցին ընթացքին կողմերը ընդգծած են Ուաշինկթընի մէջ ձեռք ձգուած համաձայնութիւններու նշանակալի բնոյթը։ Անոնք վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աշխատանքը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ։
Փաշինեան եւ Ալիեւ շեշտած են տարածաշրջանին մէջ փոխադրական կապերու հաստատման կարեւորութիւնն ու անդրադարձած՝ ակնկալելի օգուտներուն եւ այդ շրջանակին մէջ քննարկած են Ազերպայճանի տարածքին ենթակառոյցներու զարգացման ու Հայաստանի տարածքին «TRIPP» ծրագրի իրականացման առաջընթացը, մտքեր փոխանակած են Ուաշինկթընի հռչակագրի իրագործման շուրջ։
Այս համածիրին մէջ, կողմերը ողջունած են Մինսքի գործընթացի դադրեցման եւ այդ կառոյցին, ինչպէս նաեւ անոր առնչուող բոլոր կառոյցներուն լուծումին վերաբերեալ միաձայն ընդունուած որոշումը։
Կողմերը կարեւոր համարած են կեանքի կոչել այնպիսի միջոցառումներ, որոնք կը նպաստեն վստահութեան մթնոլորտի հաստատման եւ համաձայնած են շարունակել իրենց շփումները։
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է Փաշինեան—Մաքրոն հանդիպումը, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստան—Ֆրանսա բազմոլորտ համագործակցութեան ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները։ Զրուցակիցները վերահաստատած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեւաւորուած առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ ընդգծած համատեղ նոր նախաձեռնութիւններու իրագործման կարեւորութիւնը։
Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, Ուաշինկթընի խաղաղութեան վեհաժողովին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու եւ «TRIPP» ծրագրի իրականացման վերաբերող հարցեր։
Նախագահ Մաքրոն վերահաստատած է Ֆրանսայի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան ու ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին։ Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային Հայաստանի համար այս կարեւոր փուլին ցուցաբերած աջակցութեան համար։
Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել սերտ շփումները երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։