«Հայաստան—Ճարտարագիտական շաբաթ 2025»-ը իններորդ անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 3-5, Երեւանի եւ Վանաձորի մէջ՝ Հայաստանը որպէս տարածաշրջանային բարձր արհեստագիտական հանգրուան մը դիրքաւորելու նպատակով։
Ձեռնարկի առաջին երկու օրերը պիտի ընթանան Երեւանի Ճարտարագիտական քաղաքի արհեստագիտական արագացուցիչին մէջ, իսկ երրորդ՝ երիտասարդակեդրոն օրը՝ Վանաձորի արհեստագիտական կեդրոնին մէջ։ Ծրագիրը կ՚առանձնանայ արհեստական բանականութեան եւ կրթութեան նուիրուած քննարկումներով, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական լուծումներու ցուցահանդէսով մը, ուր բարձր արհեստագիտական ընկերութիւններ պիտի ներկայացնեն իրենց արտադրանքը։
Միջոցառման ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան միջազգային ճանաչում ունեցող մասնագէտներ, որոնց շարքին են տնտեսագիտական վերլուծաբան Փրանճալ Շարմա՝ Հնդկաստանէն, եւ Teledyne e2v-ի ճարտարագիտութեան տնօրէն Մարք Իլիոզեր։
Ձեռնարկները բաց են եւ անվճար բոլոր հետաքրքրուողներուն համար։ Շաբթուան գլխաւոր նպատակն է ստեղծել հարթակ նոր գործակցութիւններու համար եւ ամրապնդել Հայաստանի դիրքը որպէս արհեստագիտական առաջատար կեդրոն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։