ՓԱՐԻԶ – Ազերպայճանական քարոզչամեքենային նոր նախաձեռնութիւնը՝ Հայերը մեղադրող ցուցահանդէս մայրաքաղաքիս սրտին վրայ

Արցախի ցեղային զտումէն (500 զոհ, 120.000 գաղթական) երկու տարի եւ Ազերպայճանի ներխուժումէն 5 տարի ետք, Փարիզի սրտին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ (Place de la République) բացուած է  ազերպայճանական անթոյլատրելի լուսանկարչական բացօթեայ ցուցահանդէս մը, որ հայերը կ՚ամբաստանէ «ականային պատերազմ» մղած ըլլալու մեղադրանքով։

Ինչպէս ազերպայճանական միւս նման նախաձեռնութիւնները, այս մէկը եւս մաս կը կազմէ այն քարոզչութեան, որ կը միտի «ճերմկցնել» Ալիեւի ցեղասպան վարչակարգը։

Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանութեան՝ « X »-ի վրայ այս մասին հրապարակած գրառումին մէջ կ՚ըսուի, որ Միւնիխէն եւ Նիւրեմպերկէն ետք ահա Փարիզի մէջ կը ներկայացուի « Le point culMINAnt du danger » («Վտանգին գագաթնակէտը», որուն մէջ՝ գլխագիրներու խաղով մը առանձնացուած է եւրոպական կարգ մը լեզուներու մէջ ԱԿԱՆ=MINA բառը)  խորագրեալ այն բացօթեայ ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է «ականներու զոհերուն»։ Այնուհետեւ կը հասնի ցուցահանդէսին նպատակին «արժանի» բաժինը. «Բռնագրաւման ընթացքին, հայ ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն հրամանով, ազերպայճանական տարածքներուն վրայ տեղադրուած է աւելի քան մէկ միլիոն ական։ Այս ծանր ժառանգութիւնը կը շարունակէ մարդկային կորուստներու պատճառ դառնալ եւ վտանգել քաղաքացիական անձերու ապահովութիւնը, նոյնիսկ հակամարտութեան աւարտէն տարիներ ետք»։

Վերոնշեալ նախադասութիւնը եթէ սկսինք վերլուծել վերջաւորութենէն՝ նախ ինքզինք կը պարտադրէ հետեւեալ հարցումը. «ինչո՞ւ հակամարտութենէն տարիներ ետք»։ Դեռ երեք տարի առաջ չէ՞ր միթէ Արցախի բովանդակ բնակչութիւնը կա՛մ դէպի մահ, կա՛մ «ինքնակամ» մեկնումի մղելու միտումով սկսուած՝ ամբողջական շրջափակումը. դեռ երկու տարի առաջ չէի՞ն ատոր յաջորդած բուռն յարձակումները եւ հուսկ՝ Արցախի ամբողջ՝ 120.000 բնակչութեան ողբերգական բռնի տեղահանումը իր դարաւոր բնօրրանէն։ Ասոնք հակամարտութեան արարքներ չե՞ն։ Ո՞ւր է արցախահայութեան կրած անմարդկային չարչարանքները այս պատումին մէջ։ Ապա նաեւ նոյնիսկ եթէ իրականութեան բաժին մը կայ ականներուն ու անոնց զոհերուն մասին ըսուածին մէջ, իմաստուն ու բանիմաց անձը հարց պիտի չտա՞յ, կամ՝ պէտք չէ՞ տայ, թէ հայերը ինչո՞ւ ստիպուեր են դիմելու այդ քայլին։ Ի վերջոյ, հայոց կիրակնօրեայ զուարճանքը չէր սահմաններ կամ տարածքներ ականապատելը։

Բայց, ճիշդ ալ այս «մանրամասնութիւնները» չե՞ն արդէն, զորս Ազերպայճան կը փորձէ մշուշապատել։