Ինչպէս մենք ալ արձագանգեցինք, վերջին օրերուն տարածուեցաւ լուր մը, ըստ որուն Վրաստան—Թուրքիա սահմանային անցակէտին յայտնաբերուած էին քանի մը տասնեակ հազարի հասնող կեղծ անձնագրեր եւ փաստաթուղթեր, որոնք ի միջի այլոց եւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի օգտագործուէին ընտրութիւններուն։ Ներքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Նարեկ Սարգսեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին հերքած է այդ տեղեկութիւնը։ “Մշտապէս կապի մէջ ենք Վրաստանի իրաւապահ գործընկերների հետ, որեւէ նման դէպք չի արձանագրուել։ Լուրը բացայայտ ապատեղեկատւութիւն է եւ իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի”,– ըսած է ան։