Հոկտեմբեր 4-ին տեղի ունեցած է Ճարտարագիտական քաղաքի Գործարարական արագացուցիչի (Business Accelerator) շէնքի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Ներկայ եղած է նաեւ վարչապետ Փաշինեան, որ այցելած է շէնքը, ծանօթացած կատարուած աշխատանքներուն, ստեղծուած պայմաններուն:
Վարչապետը ծանօթացած է նաեւ «Հայաստան–Ճարտարագիտական շաբաթ» ցուցահանդէսին ներկայացուած աշխատանքներուն եւ նմուշներուն, PMI Science ճարտարագիտական աշխատանոցներու գործունէութեան:
Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան կը կտրէ ժապաւէնը
Այնուհետեւ, վարչապետը հանդիպում ունեցած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ:
Նոյն առիթով, Փաշինեան այցելած է նաեւ «Շառլ Ազնաւուր» Հայաստանի ազգային գերհամակարգչային կեդրոն, ուր վարչապետին ներկայացուած են առկայ կարելիուններն ու Կեդրոնի գործունէութենէն ակնկալուող արդիւնքները:
***
Գործարարական արագացուցիչի շէնքի եւ կառքերու կայանատեղիի կառուցման, տարածքի բարեկարգման, ինչպէս նաեւ սարքաւորումներու եւ կահոյքի ձեռքբերման համար 2025 Հոկտեմբեր 2-ի դրութեամբ ծախսուած է շուրջ 1,2 միլիառ դրամ (շուրջ 26 միլիոն եւրօ): Միջոցները յատկացուած են Հայաստանի պետական ամավարկէն:
***
Ճարտարագիտական (հայաստանեան անուանումով՝ Ինժեներական) քաղաքը պետութիւն—սեփական հատուածի գործընկերութեան հէնքով ծրագիր է, որ կ՚իրագործուի «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր» հիմնադրամին (ՁԻՀ) կողմէ՝ Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան գործուն եւ առանցքային աջակցութեամբ, Համաշխարհային դրամատան, Ճարտարագէտներու ընկերակցութեան եւ համագործակցութեամբ՝ սեփական հատուածի շարք մը ընկերութիւններու։ Ծրագրի գլխաւոր նպատակն է նպաստել՝ Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացման, ստեղծելով նորարարական համակարգ, ուր ճարտարագիտական եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտի ընկերութիւնները կարելիութիւնը կ՚ունենան արդիական ենթակառոյցներու շնորհիւ՝ մշակել եւ իրագործել նորարարական գաղափարներ` տեղական ու միջազգային շուկաներու համար։
Գործարարական արագացուցիչը (Business Accelerator) ծրագիր մըն է, որ կ‘աջակցի նոր հիմնուած կամ սկսնակ առցանց ձեռնարկութիւններուն (start-ups)՝ կարճ ժամանակ մը տրամադրելով խորհրդատւութիւն (մենթորութիւն), աշխատանքի տարածք, ուսուցում եւ դրամական ներդրում՝ անոնց աճը արագացնելու նպատակով։
Արագացուցիչ մը երկար ժամանակի վրայ կը հետապնդէ զոյգ նպատակներ.
Սակայն, որոշ ոչ—առեւտրական կամ պետական արագացուցիչներ կրնան աւելի կարեւորութիւն տալ ընկերային նպատակներու, ինչպէս՝ աշխատատեղերու ստեղծում կամ նորարարութեան խթանում։
Այս ծրագրերը սովորաբար կը տեւեն կանխորոշուած ժամանակաշրջան մը, ընդհանրապէս 3-էն 6 ամիս, երբեմն մինչեւ մէկ տարի։ Այս ընթացքին, մասնակիցները կը ստանան.
– Խտացուած ուսուցում եւ գործնական վարժանքներ։
– Մուտք դէպի ներդրողներու եւ փորձառու ձեռներէցներու ցանց մը։
–Խորհրդատւութիւն (մենթորութիւն)՝ իրենց ռազմավարութիւնները բարելաւելու համար։
– Համատեղ աշխատանքի գրասենեակներ (co-working spaces)։
Հիմնական գաղափարն է կարճ ժամանակի մէջ փոխանցել գիտելիքներ եւ փորձառութիւն, որոնց ձեռքբերումը այլ պարագաներու կրնար տարիներ տեւել։