Փարիզեան գործադուլերու պարտադրած երկշաբաթեայ յետաձգումէ ետք՝ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 3-ին, Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս—Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ, Թեմական խորհուրդի եւ Փարիզի եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի նախկին նախագահ Փաթրիս Ճոլոլեան կոկիկ լսարանի մը ներկայացուց իր «Վերապրիլ եւ վերածնիլ. հայ ընտանիքի մը անցած ճանապարհը Օսմանեան կայսրութեան մէջ իր ծննդավայրէն մինչեւ սփիւռք» հատորը։
Հանդիպումը սկսաւ թեմիս առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեանի կարճ աղօթքով, որմէ ետք Ծխական խորհուրդի ատենապետ Րաֆֆի Մոմճեան բացման խօսքով ներկայացուց գիրքն ու անոր հեղինակը։
Ապա, Փաթրիս Ճոլոլեան խօսք առաւ՝ ներկայացնելու համար իր աշխատանքին ծննդոցը։ Ժառանգորդը ըլլալով հարիւրաւոր ընտանեկան փաստաթուղթերու, որոնցմէ ոմանք պատմական բացառիկ արժէք ունին, հեղինակը փափաքած է զանոնք համախմբել հատորի մը մէջ՝ իբրեւ վկայութիւն իր ծնողներուն եւ մեծ—ծնողներուն յիշատակին, որոնց ճակատագիրը յաճախ սերտօրէն կ՚առնչուի հայոց յատկապէս անցեալ դարու պատմութեան ճակատագրական դէպքերուն։
Ան բազմաթիւ պատմութիւններով յիշեցուց ականաւոր դէմքեր, որոնց շարքին՝ իր մօր կողմէն քանի մը Կաթողիկոսներ, իր հայրը՝ լուսանկարիչ Արաքսը, եւ իր քեռին՝ գրագէտ Սիրունին, որուն արկածներով լի կեանքը կրնայ վէպի մը նիւթ դառնալ։
Շուրջ 200 փաստաթուղթերով եւ լուսանկարներով հարուստ այս գիրքը ունի նաեւ զօրակցական առաքելութիւն մը։ Վաճառքի հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ UMAF-ի գործունէութեան եւ Սիւնիքի մէջ երկու դպրոցի արեգակնային մարտկոցներու տեղադրման։ Նախաձեռնութեան գործընկերը եւ գիրքի հովանաւորը՝ ACBA դրամատունը, իր կարգին հաստատեց, որ պիտի դիմագրաւէ գանձատրման հաւանական պակասը։
Փաթրիս Ճոլոլեան առաջիկային իր աշխատանքը պիտի ներկայացնէ նաեւ այլ քաղաքներու մէջ, որոնց թուականները պիտի յայտարարուին հետագային։
Survivre et Renaître,
Editions Antarès, 40€
Ապսպրելու համար՝ survivre.renaître@gmail.com