Ֆրանսացի լուսանկարիչ—թղթակից Անթոնի Լալիքան Հոկտեմբեր 3-ին Տոնպասի մէջ զոհ գացած է անօդաչուներու յարձակումի մը։
37-ամեայ լրագրողը այն հազուագիւտներէն էր, որ Անթուան Ակուճեանի հետ կը լուսաբանէր հայոց դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմը, ինչպէս՝ Քելբաջարի եւ Շուշիի մէջ։