Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Կիրակի, Հոկտեմբեր 5-ի երեկոյեան նշանակեց Սեպասթիէն Լըքոռնիւի կառավարութեան 18 նախարարներէ բաղկացած առաջին խումբը, որուն մէջ աչքառու է հիներու՝ նախորդ կառավարութեան անդամներու ներկայութիւնը։
Այսպէս, նախորդ կառավարութենէն վերանշանակուածներն են. Պրիւնօ Ռըթայօ (Ներքին գործոց). Էլիզապէթ Պոռն (Կրթութիւն), Մանիւէլ Վալս (Անդրծովեան տարածքներ), Ժերալտ Տարմանէն (Արդարադատութիւն), Ժան—Նոէլ Պառօ (Արտաքին գործոց), Ռաշիտա Տաթի (Մշակոյթի), Քաթրին Վոթրէն (Աշխատանքի եւ առողջապահութեան), Աննի Ժընըվառ (Երկրագործութեան եւ սննդային ինքնիշխանութեան), Ամելի Մոնշալէն (Հանրային հաշիւներու), Անիէս Փանիէ—Ռիւնաշէ (Բնապահական անցումի), Ֆիլիփ Թապար (Փոխադրամիջոցներու), Մարինա Ֆերրարի (Մարզանքի, երիտասարդութեան եւ ընկերային կեանքի)։
Նորութիւնները հազուագիւտ են. Օրոր Պերժէ պիտի համատեղէ Կիներու եւ այրերու միջեւ հաւասարութեան նախարարի եւ կառավարութեան բանբերի պատասխանատու պաշտօնները, մինչ «Վերածնունդ» կուսակցութեան երեսփոխան Էրիք Վէօրթ, որ կառավարութեան մաս կազմած էր Նիքոլա Սարքոզիի նախագահութեան օրօք, կը վերադառնայ Ապակեդրոնացման նախարարութիւն, որ Սեպասթիան Լըքոռնիւի առաջնահերթութիւններէն է։ Պրիւնօ Լը Մեռ (անցեալին՝ 7 տարի Տնտեսութեան եւ ելեւմուտի նախարար) կը նշանակուի Բանակներու նախարար։ Մաքրոնական Ռոլան Լեսքիւռ կը նշանակուի Տնտեսութեան նախարարութեան։ Մաթիէօ Լըֆեւր՝ վարչապետին կից պատուիրակ նախարար, պատասխանատու՝ Խորհրդարանի հետ յարաբերութիւններու։
Էտուար Ֆիլիփի «Հորիզոններ» կուսակցութիւնը մուտք կը գործէ կառավարութիւն, յանձին Նաիմա Մուչուի, որ կը դառնայ Հանրային ծառայութեան նախարար։
Նախարարներու երկրորդ խումբ մը պիտի յայտարարուի վարչապետին ընդհանուր քաղաքականութեան յայտարարութենէն ետք, որ նախատեսուած է Ազգային Ժողովի՝ Երեքշաբթիի եւ Ծերակոյտի՝ Չորեքշաբթիի նիստերուն։ Յամենայն դէպս, ան կը նախատեսէ պահել առաւելագոյնը 25 անդամէ բաղկացած սեղմ կազմ մը։
Մինչ այդ, Նախարարաց խորհուրդի առաջին նիստը նախատեսուած էր Երկուշաբթի երեկոյեան, նախագահ Մաքրոնի շուրջ։
***
Պրիւնօ Ռըթայօ, որ ծանօթ է իր պարկեշտութեան եւ արդարամտութեան յատկութիւններով, հակառակ իր վերանշանակումին՝ անհանգստութիւն յայտնած է ի տես շատ մը հիներու վերադարձին։ Արդարեւ, նախորդ կառավարութեան անկումէն ետք խոստացուած էր քաղաքական որոշ խզում, ինչ որ յայտնապէս շատ չէ յարգուած։
Ռըթայօ միաժամանակ ըլլալով «Հանրապետականներ»-ու նախագահը, իր խումբը հրաւիրած է խորհրդակցութեան, որոշելու համար յառաջիկայ քայլերը։