Ֆրանսայի մէջ քաղաքական աննախընթաց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւ այսօր՝ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6—ին, իր հրաժարականը ներկայացուց։
Այս ցնցիչ քայլը կու գայ իր կառավարութեան անդամներէն մէկ մասին պաշտօնական նշանակումէն նուազ քան 24 ժամ ետք։
Յիշեցնենք, որ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն երէկ՝ Կիրակի երեկոյեան, յայտարարած էր Լըքոռնիւի գլխաւորած կառավարութեան նոր կազմին մէկ մասը՝ բարդ բանակցութիւններով լի շաբաթավերջէ մը ետք։
Հրաժարականի պատճառները տակաւին պաշտօնապէս յայտնի չեն, սակայն այս անակնկալ զարգացումը երկիրը կը մխրճէ խոր քաղաքական ճգնաժամի մը մէջ։