Կիրակի, Հոկտեմբեր 5-ին, Մարսիլիոյ մէջ, «Կոչ՝ յանուն Հայաստանի»-ն ստորագրած ֆրանսահայ 73 ընկերակցութիւններ հիմնեցին «Հայաստան — Ֆրանսա ազգային համախմբում»-ը։
Համախմբումին նպատակներն են հետեւեալները. զօրացնել կապը Հայաստանի եւ իր ֆրանսահայ Սփիւռքին միջեւ՝ պատասխանատուութեան, զօրակցութեան եւ եղբայրութեան ոգիով՝ հայ ժողովուրդին եւ անոր Պետութեան հետ։ Այս յանձնառութիւնը պատասխան մըն է Հայաստանի դիմագրաւած ծանր սպառնալիքներուն, անոր պատմութեան այս վճռորոշ պահուն։ Համախմբումը կ՚ողջունէ արդար եւ տեւական խաղաղութեան մը յանգելու Հայաստանի ջանքերը։
Համախմբումը կ՚աջակցի հայկական Պետութեան՝ ժողովրդավարական գործունէութեան եւ իրաւական պետութեան ուղղուած ջանքերուն։
Անդամ միութիւնները կը վերահաստատեն Հայաստանի հողային եւ քաղաքական ինքնիշխանութեան հանդէպ իրենց յարգանքը։ Անոնք կը պահանջեն Ազերպայճանի կողմէ,– Ժընեւի համաձայնագրին անտեսումով,– բանտարկուած հայ գերիներուն ազատ արձակումը եւ Արցախի գաղթականներուն վերադարձը իրենց հողերը։
Այս նպատակներուն իրագործումը կ՚ապահովուի ղեկավար յանձնախումբի մը կողմէ, որ ներկայացուցչական է ըստ Համախմբումը կազմող միութիւններու աշխարհագրական բաշխումին։
«Հայաստան — Ֆրանսա ազգային համախմբում»-ը բաց է Ֆրանսայի բոլոր հայկական միութիւններուն, որոնք կը բաժնեն իր արժէքները, նպատակները եւ մօտեցումը։
Ղեկավար յանձնախումբ
Առժամեայ ելեկտրոնային հասցէն է. appelpourlarmenie@gmail.com ■