Միջազգային պատժական ատեանի հիմնադիր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի նոր զեկոյցը կը բացայայտէ շահերու լուրջ բախում մը՝ կապուած ՄԱԿ—ի Կամայական կալանաւորման հարցերով աշխատանքային խումբի (UNWGAD) այն անդամին հետ, որ ՄԱԿ—ի անունով որոշած էր, թէ Ռուբէն Վարդանեանի կալանաւորումը կամայական բնոյթ չի կրեր։
Մորենօ Օքամփոյի զեկոյցին համաձայն՝ որոշումը խմբագրած Կաննա Եուտքիւսքա,– որ ի դէպ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանի (ՄԻԵԱ) ալ դատաւոր է,– ֆինանսական եւ անձնական կապեր ունի Ազերպայճանի հետ՝ իր իրաւաբանական ընկերութեան եւ ամուսնոյն միջոցով։ Օքամփօ սա կը նկատէ ՄԱԿ—ի անաչառութեան կանոններու խախտում։
Այս բացայայտումէն ետք, Վարդանեանի իրաւաբանական խումբը կը նախատեսէ բողոքել ՄԱԿ—ի որոշումին դէմ եւ պահանջել UNWGAD-ի խնդրոյ առարկայ անդամին հրաժարականը։
Յիշեցնենք, թէ UNWGAD 2025 Փետրուարին հրապարակած էր թիւ 46/2024 կարծիքը՝ պնդելով, թէ Վարդանեանի կալանաւորումը կամայական չէր։ Այդպէսով ան հակասած էր ՄԱԿ—ի Մարդկային իրաւանց Գերագոյն յանձնակատար Վոլքեր Թիւրքի կոչին, որ կը պահանջէր Ազերպայճանի մէջ կալանաւորուած բոլոր ազգութեամբ հայերու անյապաղ ազատ արձակումը։