Առաջին վերամուտ Ալֆորվիլի նորակառոյց «Մարիամ Արապեան» մանկապարտէզի

Գրեց՝ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան

 

Ֆրանսա­յի Հայ Մշա­կոյ­թի Զար­գացման Ըն­կե­րակ­ցութեան՝ (ԱՓՔԱՖ)-ի ան­դամնե­րը, վեր­ջա­պէս չհասկցան, ին­չո՞ւ Ալ­ֆորվի­լի «Գէորգ Հ. Արա­պեանՍ. Մես­րոպ» վար­ժա­րանի մա­տակա­րար մարմինի (ԱԱԺ)-ի վար­չա­կան­նե­րը այդ աս­տի­ճան ար­հա­մար­հե­ցին ստանձնե­լ նո­րակա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քը, մեր­ժե­լով ԱՓՔԱՖի պայ­մաննե­րը, որու պատ­ճա­ռաւ ծնունդ առաւ մա­տակա­րար նոր մար­մին մը «ԱԺԷՖԱԱ» անու­նով եւ որու հիմ­նա­դիր­նե­րը եղան ԱՓՔԱՖի ալ­ֆորվի­լաբ­նակ երեք ան­դամներ, յան­ձինս՝ պա­րոն­ներ Մի­շէլ Պու­տաքճիի, Եդուարդ Պա­տուա­կանեանի եւ Սար­գիս Լե­րեանի։

Մա­տակա­րար նոր այս մարմինի հո­վանա­ւորու­թեան ներ­քոյ է, որ Եր­կուշաբ­թի, Սեպ­տեմբեր 1-ին, նո­րակա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զի դռնե­րը լայն բա­ցուե­ցան 55 երե­խանե­րու առ­ջեւ (այժմ 61), որոնք ջեր­մօ­րէն ըն­դունուելով տե­ղաւո­րուե­ցան, ծիլ, բող­բոջ, կո­կոն եւ ծա­ղիկ դա­սարան­նե­րուն մէջ, տնօ­րէնու­հի՝ տի­կին Անիէս Մի­նասի հսկո­ղու­թեան տակ։ Տի­կին Անիէս, ան­ծա­նօթ դէմք մը չէ «Գէորգ Արա­պեանՍուրբ Մես­րոպ» կրթա­կան հա­մալի­րի շրջա­նակին։ Ա՛ն էր որ, երբ տի­կին Գա­րին Լե­րեան կը ղե­կավա­րէր կրթա­կան հա­մալի­րի մա­տակա­րարու­թիւնը, իրա­գոր­ծեց, տնօ­րէնու­հիի հան­գա­ման­քով, գո­լէժի լման ծրա­գիրը։ Ծնող­ներ եւ Ալ­ֆորվի­լի հայ բնակ­չութեան կրթա­սէր հա­սարա­կու­թիւնը շնոր­հա­կալ եղան, որ գլուխ հա­նեց չորս դա­սարան­նե­րով այդ դժուարին գոր­ծը։ Գո­լէժի հիմ­նադրու­թեան պատ­մութեան մէջ անջնջե­լիօրէն ար­ձա­նագ­րուած կը մնայ իր անու­նը ։

Չենք յի­շեր գո­լէժի յա­ջողու­թե­նէն որ­քան ատեն ետք, Գա­րին Լե­րեան հրա­ժարա­կան տուաւ ԱԱԺի նա­խագա­հու­թե­նէն։ Ցա­ւալին եղաւ այն, որ աս­կէ քիչ ատեն ետք, հրա­ժարե­ցաւ նաեւ տնօ­րէնու­հի տի­կին Անիէս Մի­նաս։ Հրա­ժարա­կանին պատ­ճա­ռը գրել՝ այս գրու­թեան նպա­տակէն դուրս է։ Ու­րա­խալի է որ այ­սօր, ան վե­րադար­ձաւ եւ ստանձնեց նո­րակա­ռոյց շէն­քին մէջ ման­կա­պար­տէ­զի վե­րակազ­մութիւ­նը։ Գնա­հատե­լի վե­րադարձ մը եւ շնոր­հա­ւորե­լի, որ ող­ջունուեցաւ յա­ջողու­թեան ջերմ մաղ­թանքնե­րով։

«Մարիամ Արապեան» մանկապարտէզի մանկավարժուհիները.

ձախէն՝ Անի Գալտըլը (կոկոն),

Սօսի Պալատեան (ծիլ եւ բողբոջ),

Սիրան Սվաճեան (բողբոջ)

եւ Ֆապիէնն Կալլուլա (ծաղիկ)։

Կեդրոնը՝ տնօրէնուհի Անիէս Մինաս

Իսկ ման­կա­պար­տէ­զի վե­րակազ­մութիւ­նը ան­կա­րելի պի­տի ըլ­լար, եթէ վար­ժուհի­ներ Սօ­սի Պա­լատեան, Սի­րան Սվա­ճեան, Անի Գալ­տը­լը եւ Ֆա­պիէն Կալ­լուլա, յօ­ժարա­կամ, յանձն չառ­նէին քա­ջաբար իրենց օգ­նա­կանու­հի­ներուն՝ Լու­սի­նէ Յա­կոբեանի, Նա­յիրա Աւե­տիքեանի, Նա­յիրի Պա­լեանի եւ Մա­րինէ Նի­կողո­սեանի հետ հաս­տա­տուիլ նոր շէն­քին մէջ եւ գլուխն անցնիլ ծիլ, բող­բոջ, կո­կոն եւ ծա­ղիկ դա­սարան­նե­րու իրենց աշա­կեր­տուհի­ներու եւ աշա­կերտնե­րու դաս­տիարակ­չա­կան գոր­ծին։ Տպա­ւորիչ է դէպ­քը երբ կրթա­կան գոր­ծիչներ նուիրուած են սրբա­զան նպատա­կին։

Օժանդակ մանկավարժուհիները.

ձախէն՝ Մարինէ Նիկողոսեան (ծաղիկ),

Լուսինէ Յակոբեան (ծիլ եւ բողբոջ),
Նայիրա Աւետիքեան (բողբոջ)

եւ Նայիրի Պալեան (կոկոն),

տնօրէնուհի Անիէս Մինասի հետ (կեդրոնը)։

Մեծ էր ու­րա­խու­թիւնը ամէնէն շատ ծնող­նե­րուն, որոնք եր­կար ատե­նէ ի վեր կը սպա­սէին տես­նել իրենց զա­ւակ­նե­րուն փո­խադ­րութիւ­նը նո­րակա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զ։ Մեծ էր նոյնպէս ու­րա­խու­թիւնը ման­կա­վար­ժուհի­ներուն, որոնք իս­կա­պէս կը տա­ռապէին նախ­կին ման­կա­պար­տէ­զի ան­յարմա­րու­թիւննե­րէն, եւ վեր­ջա­պէս եր­ջա­նիկ էին աշա­կերտնե­րը իրենց խա­ղավայ­րով, լայն ու լու­սա­ւոր դա­սարան­նե­րով։

*  *  *

«Մա­րիամ Արա­պեան» ման­կա­պար­տէ­զի առա­ջին վե­րամու­տի առա­ջին օրե­րուն յա­ջոր­դեց Ալ­ֆորվի­լի քա­ղաքա­պետ՝ պա­րոն Լիւք Գար­վունա­սի նա­խաձեռ­նութիւ­նը, որ էր կա­տարել շէն­քին պաշ­տօ­նական բա­ցու­մը, Ուրբաթ, Սեպ­տեմբե­ր 5, երե­կոյեան ժա­մը 5-ին, քա­ղաքա­պետա­րանի կազ­մա­կեր­պութեամբ։ Հա­ճելի անակնկալ մըն էր պա­րոն Գար­վունա­սի այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը, որ մե­ծապէս գնա­հատուեցաւ ալ­ֆորվի­լահայ հա­մայնքին կող­մէ։ Յա­ջորդ օր մա­մու­լը կ՚ար­ձա­գան­գէր տպա­ւորիչ այս արա­րողու­թեան մա­սին, ուր խօսք առին պա­րոն Քա­ղաքա­պետը, նոր մա­տակա­րար միու­թեան նա­խագահ՝ պա­րոն Մի­շէլ Պու­տաքճի եւ ԱՓՔԱՖի քար­տուղար՝ պա­րոն ԺագԱրա Տէ­յիր­մէնճեան։

«Նոր Յա­ռաջ»-ի Սեպ­տեմբեր 9-ի թի­ւի առա­ջին էջի սիւ­նակնե­րուն մէջ, հան­գա­մանօ­րէն նկա­րագ­րուած էր օրուան հան­դի­սու­թեան յա­ջողու­թիւնը, իսկ Սեպ­տեմբեր 11-ի թի­ւին մէջ լոյս կը տես­նէր Ժի­րայր Չո­լաքեանի խմբագ­րա­կանը։

Կարճ ժա­մանա­կուան մէջ, քա­ղաքա­պետա­րանի կող­մէ հապ­ճե­պ պատ­րաստուած այս հան­դի­սու­թեան, ԱՓՔԱՖ ատեն չու­նե­ցաւ հրա­ւիրելու իր բա­րերար­նե­րը, որու հա­մար կը խնդրենք անոնց նե­րողամ­տութիւ­նը։ Մօ­տիկ ապա­գային, նա­խատե­սուած է կազմակերպել բա­րերար­նե­րու այ­ցե­լու­թեան յա­տուկ հան­դի­պու­մի օր մը, մինչ այդ զե­տեղուած կ՚ըլ­լայ յու­սանք, առ ի երախ­տա­գիտու­թիւն, «Բա­րերարաց պատ­ուոյ» ցու­ցա­տախ­տակնե­րը։

*  *  *

Գէորգ Արապեան

 

Աս­տուծոյ գո­հու­թիւն մա­տու­ցա­նելու եւ ցնծու­թեան օր մըն էր «Մա­րիամ Արա­պեան» Ման­կա­պար­տէ­զի բաց­ման օրը։

Այս ու­րախ առ­թիւ, ԱՓՔԱՖի պարտքն է իր խո­րին երախ­տա­գիտու­թիւնը յայտնել բա­րերար­նե­րուն եւ սա­տարող­նե­րուն, որոնք մեկ­նե­ցան այս աշ­խարհէն։ Կ՚ոգե­կոչենք յի­շատա­կը, դպրո­ցաշէն մե­ծանուն բա­րերա­րին՝ ող­բա­ցեալ Գէորգ Արա­պեանի, որուն մէկ մի­լիոն եւ­րո­յի իշ­խա­նական նուիրատ­ւութեամբ սկիզբ առին կա­ռուցման աշ­խա­տանքնե­րը։ Պա­րոն Արա­պեանի երազն էր տես­նել շէն­քին աւար­տի­լը եւ ներ­կայ գտնուիլ բաց­ման արա­րողու­թեան։ Աւա՜ղզրկուեցաւ փայ­փա­յած քաղցր երա­զէնԹե­րեւս ար­ժա­նանար վա­յելե­լու բաց­ման այդ եր­ջա­նիկ պա­հը, եթէ մեր ներ­քին սնո­տի վի­ճաբա­նու­թիւննե­րը կան­խած ըլ­լա­յինք։ Աւե­լի քան տա­րի մը ժա­մանակ կորսնցու­ցինք ձեռք ձգե­լու հա­մար Bail à Construction-ը, որու յա­ջողու­թիւնը կը պար­տինք Գե­ղամ Գե­ւոնեանի պէս կրթա­նուէր, քա­ջարի մարտնչող, Եկե­ղեց­ւոյ Կրօ­նական Ըն­կե­րակ­ցութեան վար­չա­կանի մը։ Իսկ ար­տօ­նագի­րը ստո­րագ­րե­լու մէջ քաջ եղաւ նոյնպէս, Ծխա­կանի վար­չութեան օրուան նա­խագահ՝ Մա­նուկ Քիւրտօղ­լեան։

Եթէ չի­րակա­նացաւ, բաց­ման ներ­կայ գտնուելու Բա­րերա­րին երա­զը, իրա­կանա­ցաւ սա­կայն իր միւս երա­զըալ­ֆորվի­լաբ­նակ հայ ման­կիկնե­րը խմբե­լու հայ­րա­կան վե­րաբե­րու­մը կրթա­կան նոր օճա­խի մը եր­դի­քին տակ։

Ի՜նչ փոյթ սի­րելի պա­րոն Արա­պեան, որ զրկուեցաք բաց­ման հան­դի­սու­թեան եր­ջա­նիկ պա­հէնԿա­րեւո­րը ձեր ներ­կա­յու­թիւնն է եւ դուք ներ­կայ էք ամէն օր, սա ման­կիկնե­րու սրտե­րուն մէջ։

Լո՜յս ձեր գե­րեզ­մա­նին

*  *  *

Կարպիս Ջրբաշեան

Ալ­ֆորվի­լի կրթա­կան հայ աշ­խարհի երկրորդ դէմ­քը, թող թոյ­լատրուի ըսել՝ ող­բա­ցեալ Կար­պիս Ջրբա­շեանն է։ 1976-ին հիմ­նուած Սուրբ Մես­րոպ Կրթա­րանի հիմ­նադիրը։ Ան եղաւ նա­խա­ձեռ­նո­ղը, 4 Ռիւ Կո­մի­տա­սի վրայ, 3 յար­կա­նի շէն­քի կա­ռուցման, իր շուրջ հա­մախմբե­լով ազնիւ անձե­րէ բաղ­կա­ցած, կրթա­նուէր աշ­խուժ օգ­նա­կան­ներ։ Աս­պա­րէզով՝ գոր­ծա­րար, բայց նկա­րա­գ­րով գրա­սէր, հայ մշա­կոյ­թի սի­րահար, պա­րոն Կար­պիս Ջրբա­շեան իր յօ­դուած­նե­րով կ՚աշ­խա­տակ­ցէր Անդրա­նիկ Ծա­ռու­կեանի «Նա­յիրի» շա­բաթա­թեր­թին, «Յա­ռաջ» օրա­թեր­թին, «Նոր Յա­ռաջ»-ին, եւ որուն գրու­թիւննե­րը հա­մովհո­տով կը կար­դա­ցուէին։

Իր կեան­քին մէկ մա­սը ան­ցուց Հ. Բ. Ը­. Միու­թեան ծո­ցէն ներս, իսկ մեծ մա­սը՝ Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ վար­չա­կան կազ­մին մէջ։ Հե­ղինա­կաւոր ներ­կա­յու­թիւն մըն էր ժո­ղովա­կան ոլոր­տէն ներս։ Մին­չեւ մա­հը ան­սա­կարկ իր ժա­մանա­կը յատ­կա­ցուց հա­ւատար­մօ­րէն ծա­ռայե­լով եկե­ղեցավար­չա­կան եւ կրթա­կան ծրա­գրե­րու։ Հիմ­նա­դիր ան­դամ էր 2008-ին հիմ­նուած «ԱՓՔԱՖ» միու­թեան, որուն գան­ձա­պահը մնաց առա­ջին օրէն մին­չեւ իր մահը։ Ինչ որ լսեց ԱՓՔԱՖի հա­կառա­կորդնե­րէն ԱՓՔԱՖի մա­սին՝ ար­հա­մար­հեց, բնաւ կա­րեւո­րու­թիւն չտուաւ այդ զրպար­տութիւննե­րուն, որով­հե­տեւ ակա­նատես վկան էր ԱՓՔԱՖի գոր­ծունէու­թեան։ Վեր­ջա­պէս պա­րոն Ջրբա­շեանին կը պար­տինք Սէն գե­տի ափին բարձրա­ցած «Գէորգ Արա­պեան» կրթա­կան հա­մալի­րի այ­սօ­րուան կո­թողա­յին եր­կու կա­ռոյցնե­րու յա­ջողու­թիւնը, որով­հե­տեւ պա­րոն Գէոր­գին մտե­րիմ բա­րեկա­մը պա­րոն Ջրբա­շեանն էր եւ ա՛ն է որ ծա­նօթա­ցուց բա­րերա­րը հա­մայնքի ան­դամնե­րուն։

Պա­րոն Ջրբա­շեանին ալ երազն էր տես­նել Ման­կա­պար­տէ­զի բա­ցու­մըԴժբախ­տա­բար ան ալ զրկուեցաւ այդ վա­յել­քէն։

ԱՓՔԱՖի վար­չութիւ­նը զգա­ծուած՝ պա­րոն Ջրբա­շեանի անու­րա­նալի այս բա­րիքէն եւ հայ մշա­կոյ­թի հան­դէպ մա­տու­ցած իր ծա­ռայու­թե­նէն, որ­պէս հիմ­նա­դիր Սուրբ Մես­րոպ կրթա­րանի, անոր պրոն­զեայ կի­սանդրին՝ որ նուէրն է ար­ձանգործ պա­րոն Ալ­պէր Աւե­տիսեանի, զե­տեղեց «Մա­րիամ Արա­պեան» ման­կա­պար­տէ­զի գլխա­ւոր մուտքէն ներս։

Հարկս հար­կա­ւորաց, պա­տիւս ար­ժա­նաւո­րաց։

*  *  *

Տոքթ. Սերժ Սիմոնեան

Ֆրան­սա ծնած հայոց երկրորդ սե­րունդին կը պատ­կա­նէր տոք­թ. Սերժ Սի­մոնեան։ Ան­բա­ցատ­րե­լի հա­յասի­րու­թիւն մը կար իր մէջ։ Մաս­նա­գէտ վի­րաբոյժը քաղցր յի­շատակ­ներ թո­ղուց իր խնա­մած հի­ւանդնե­րուն։ Սփիւռքի մէջ հայու գո­յու­թեան շա­րու­նա­կակա­նու­թեան հա­ւատա­ցող մըն էր կազ­մա­կեր­պու­թեան ճամ­բով։ Ասոր հա­մար բժշկա­կան բազ­մազբաղ ժա­մանա­կէն գի­տէր ատեն ճա­րել նուիրուելու կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տանքնե­րու։ Եղաւ գլխա­ւոր հիմնա­դիր­նե­րէն մին Ֆրան­սա­հայ բժիշկ­ներու միու­թեան՝ ԻՒՄԱՖի։ Մրջիւ­նի պէս աշ­խա­տե­­ցաւ եւ աշ­խատցուց բժիշկ­նե­րը այդ միու­թեան ծի­րէն ներս։

Տա­րիներ շա­րու­նակ վա­րեց, նա­խագա­հական պաշ­տօ­նով, Փա­րիզի Հայ Առաք. Եկե­ղեցւոյ Կրօ­նական Ըն­կե­րակ­ցութեան գոր­ծե­րը։ Երկրա­շար­ժի տա­րին մե­ծապէս օգ­տա­կար հան­դի­սացաւ աղէ­տեալ­նե­րուն, ԷՍ.Օ.ԷՍ Ար­մե­նիի եւ ԻՒ­ՄԱՖի ճամ­բով։ Իր ամէնէն յի­շատա­կելի գոր­ծը պի­տի մնայ, իբ­րեւ նա­խագահ, տա­սը տա­րինե­րու եր­կայնքին, տնտե­սվա­րու­թիւնը «Սուրբ Մես­րոպ» Կրթա­րանին։ Ման­կա­պար­տէ­զի գան­ձը, ամէն տա­րեվեր­ջին, առանց պարտքի բազ­մա­պատ­կուած գու­մա­րով կ՚աւար­տէր։ Կը պատ­մեն, թէ դար­մա­նուած հի­ւանդնե­րէն անոնք որոնք փա­փաքէին անձնա­կան նուէր տալ իրեն, կը թե­լադ­րէ եղեր նուէր­նե­րը տալ Ս. Մես­րոպ Ման­կա­պար­տէ­զին։ Կը հա­ւատար հայ լե­զուի առա­քելու­թեան եւ հա­ճոյք կը զգար հա­յերէն խօ­սելով։ Մայ­րը՝ հա­յերէ­նի ու­սուցչու­հի, դաս­տիարա­կած էր որ­դին այդ շունչով։ Իր նուիրու­մը դպրո­ցի հան­դէպ, կու գար նաեւ մօ­րը յի­շատա­կը յար­գե­լու ազ­նիւ զգա­ցու­մէն։

Կեան­քի վեր­ջին շրջա­նին ներդրում ու­նե­ցաւ Եան՚ց ակումբի կա­րիք­նե­րուն։ Ակումբ յա­ճախող­նե­րը տար­բեր համ մը կ՚առ­նէին երբ տոքթ. Սի­մոնեան հոն էր։ ԱՓՔԱՖի ան­դամնե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ դի­մաւո­րեցին տոք­թորին ան­դա­մագ­րուիլը ԱՓՔԱՖին, պա­րոն Ջրբա­շեանի առա­ջար­կով։ Գան­ձա­պահի պաշ­տօ­նի հրա­ւէրը մեր­ժեց, ըն­դունեց փո­խանորդ ըլ­լալ։ «Պա­րոն Ջրբա­շեանի կեն­դա­նու­թեան միայն փո­խանոր­դութիւ­նը կ՚ըն­դունիմ», ըսած էր։ Եւ իբ­րեւ փո­խանորդ օգ­նեց պա­րոն Ջրբա­շեանին, որու մա­հէն ետք յօ­ժարե­ցաւ ստանձնել գան­ձա­պահի պաշ­տօ­նը։

Յար­գանք իր վաս­տա­կին եւ յի­շատա­կին։

*  *  *

Գրիգոր Փափազեան

ԱՓՔԱՖի հիմ­նա­դիր ան­դամ էր նաեւ ող­բա­ցեալ Գրի­գոր Փա­փազեան։ Ֆրան­սա ծնած առա­ջին սե­րունդի զա­ւակ էր ան։ Բա­րեկրթու­թեան, հա­մես­տութեան, քաղցրու­թեան, բայց մա­՛նաւանդ, մա­նաւանդ ծա­ռայու­թեան տի­պար հա­յոր­դին էր ան։ Անտրտունջ ծա­ռայեց հայ մշա­կոյ­թի բող­բո­ջու­մին, մար­դա­սիրա­կան, քա­ղաքա­կան, կրօ­նական նպա­տակ­ներու յա­ջողու­թեան։ Հա­կառակ յա­ռաջա­ցած տա­րիքին, ստանձնեց պա­տաս­խա­նատու պաշ­տօններ։ Ձեռնհա­սօրէն վա­րեց Էս.Օ.Էս. Ար­մէ­նիի աշ­խա­տանքնե­րը, նուի­րա­կան բա­ցառիկ այդ գոր­ծը։ Ան եղաւ առա­ջին նա­խագա­հը, 2007-ին, նոր հիմ­նուած Ֆրան­սա­յի Հա­յոց թե­մի թե­մական վար­չութեան։ Լիովին նուիրուած էր Ալ­ֆորվի­լի Գէորգ Արա­պեանՍ. Մես­րոպ վարժա­րանի շէն­քե­րու կա­ռուցման գոր­ծին։ Իր բա­րեկամին՝ պա­րոն Ջրբա­շ­եանին պէս, հե­ղինա­կու­թիւն մըն էր վար­չա­կան կազ­մին մէջ։ Բա­ցառիկ կեր­պով կը յար­գէին զինք երի­տասարդ վար­չա­կան­նե­րը, տես­նե­լով իր մէջ, հա­կառակ յա­ռաջա­ցած տա­րիքին, ան­կեղծ նուիրու­մը, անոր կար­գա­պահ ներ­կա­յու­թիւնը աշ­խատանքնե­րուն, ի խնդիր հայ դպրո­ցին ու դպրու­թեան։

ԱՓՔԱՖ իր յա­ջո­ղու­թիւնը կը պար­տի նաեւ պա­րոն Փա­փազեանի նման ան­շա­հա­խնդիր նուիրեալ­նե­րու աջակ­ցութեան։

Յի­շատակն ար­դարոց, օրհնութեամբ եղի­ցի։

*  *  *

«Մա­րիամ Արա­պեան» Ման­կա­պարտէզի բաց­ման արա­րողու­թեան առ­թիւ, ԱՓՔԱՖի ան­դամնե­րը իրենց խո­րին երախ­տագիտութիւնը կը յայտնեն Յա­կոբեան ճար­տա­րապե­տական գրա­սենեակի տա­ղան­դա­ւոր ճար­տա­րապետ­նե­րուն՝ Պերճ Յա­կոբեանին եւ Մի­րիամ Յա­կոբեանին։ Պա­լատան­ման եր­կու հո­յակապ կա­ռոյցներ, Սէն գե­տի ափին, շքեղ հայ­կա­կանու­թիւն մը կը կո­թողեն շնոր­հիւ այս եր­կու ազ­նուասիրտ ճար­տա­րապետ­նե­րուն։ Որ­քա՜ն ժա­մանակ յատ­կա­ցու­ցին, Աս­տուած գի­տէ, այս ծրագ­րի իրա­գործման հա­մար։ Հայ լե­զուի վե­րակեն­դա­նաց­ման հա­ւատա­ցող անձնա­զոհ նուիրեալ­նե­րու ոգիով տքնե­ցան անոնք։

Սի­րելի­ներ՝ Պերճ եւ Մի­րիամ, հա­րազատ հա­յոր­դի­ներ, դուք այս բո­լորը ըրիք նաեւ հա­յու­թեան, հայ լե­զուի մշտնջե­նակա­նու­թեան հա­մար, պա­տահե­ցաւ որ ԱՓՔԱՖի ան­դամնե­րուն հետ դուք ալ ճա­շակե­ցիք ան­տե­ղի, դառն խօս­քեր։ Եկէք վանենք սա դառ­նութիւննե­րը, նա­յինք մեր ապա­գային, որ պի­տի փայ­լի եւ կը փայ­լի ձեր նման­նե­րով։ Վա­յելե­ցէ՛ք Աս­տուծոյ օրհնու­թիւննե­րը

*  *  *

Վեր­ջա­պէս, ԱՓՔԱՖ իր ամե­նախո­րին շնոր­հա­կալու­թիւնը կը յայտնէ հայ մշա­կոյ­թը քա­ջալե­րող միու­թիւննե­րուն՝ Ֆրան­սա­յի Հայ­կա­կան Հիմ­նադրա­մին, ԱՅՈ, ԻՒՄԱՖ, Մա­րի Նու­պար Բա­րեկա­մաց, ԱԳԱՄ, Շէն, Եան՚ց, Ալ­ֆորվի­լի Էս.Ա.Ա., Ժը­նեւի Ազատ, Ֆրանսահայ Կա­պոյտ Խաչ, Ալ­ֆորվի­լի Գա­փա, Լիոնի Պիւլլիւ­քեան, Երկլե­զու ու­սուցման (Էպ­ֆա) կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն, Ալ­ֆորվի­լի Քա­ղաքա­պետա­րանին, եւ Տէր եւ Տի­կին ԱրաԺագ Տէ­յիր­մէնճեան ըն­տա­նիքի միացեալ ան­դամնե­րուն։ Ինչպէս նաեւ ամե­նախո­րին շնոր­հա­կալու­թիւն՝ իր նուիրա­տունե­րու իւ­րա­քան­չիւրին, տա­սը եւ­րո­յէն մին­չեւ հա­րիւր հա­զար­ներ նուիրող­նե­րուն։ ԱՓՔԱՖ հաս­տա­տօրէն կը հա­ւատայ որ այս բո­լորի յա­ջողու­թեան ար­մա­տը ժո­ղովուրդն է, իր ապա­գային հա­ւատա­ցող, իր սե­փական ար­ժէքնե­րը սի­րող եւ իր հա­ւաքա­կան կեան­քի յա­ւեր­ժութեան նա­յող։

Ժո­ղովուրդէն եկած լու­ման է որ ամէնէն ծան­րը կը կշռէ գան­ձա­նակին մէջ։

Կը հրա­ւիրենք ձեզ, ի մօ­տոյ, սի­րելի նուիրա­տու­ներ, «Մա­րիամ Արա­պեան» ման­կա­պար­տէ­զի յար­կին տակ, ձե­զի յայտնե­լու մեր սրտի խորերէն

ՄԵԾ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Փարիզ, 24 Սեպտեմբեր 2025