Մայր Աթոռի կարգապահական յանձնախումբը կը քննարկէ երեք քահանաներու հարցը

Մայր Աթոռի կարգապահական յանձնախումբը Հոկտեմբեր 9-ին կը քննարկէր ներեկեղեցական բարքերը հրապարակաւ քննադատած երեք քահանաներու հարցը:

Անոնցմէ երկուքը՝ Տէր Արամն ու Տէր Թադէն, նոյն՝ Արագածոտնի թեմին մէջ կը ծառայեն: Յովհաննավանքի քահանայ Տէր Արամ առաջինն էր, որ գրեց, թէ Եկեղեցիին մէջ կանոնի փոխարէն կամայական լկտիութիւն կը տիրէ, զազրելի բարքեր: Անոր յաջորդեց Թալինի հոգեւոր հովիւ Տէր Թադէն. ան ալ յայտարարեց, թէ կը միանայ քահանայ եղբօր արդար ձայնին, ալ չի կրնար լռել: Եւ երրորդը Տէր Տարօն քահանայ Յունանեանն էր, որ ընկերային ցանցերու մէջ գրած էր. — «Եկեղեցու ներսում ներքին կարգ ու կանոնի շղարշի ներքոյ անտեսւում է քրիստոնէութեան բուն առաքելութիւնը, երբ Աստուծոյ խօսքի փոխարէն բարձրանում են քաղաքական տեքստեր, մեղադրանքներ, սպառնալիքներ, դատապարտումներ, իսկ Աստծոյ սիրոյ փոխարէն գործում է կանոնական հիմքից զուրկ վարչական սառնասիրտ անտարբերութիւն»։

Կարգապահական յանձնախումբի անդամներէն Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեան այս առթիւ յայտարարած է, թէ իրենք թեմերէն ստացած են այս քահանաներու վարքը քննելու խնդրագիր եւ սա, ըստ անոր՝ չի նշանակեր, թէ անոնք ա՛նպայման կարգալոյծ պիտի ըլլան:

Կարգապահական յանձնախումբը այն չէ, որ միայն կարգալոյծ կ՚անի: Ընդհակառակը՝ կարող է այդ հարցը շտկուել, մարդը զգալ իր սխալը, կամ թիւրիմացութիւն է եղել, ժամանակ է տրւում այդ մարդուն: Վստահ պիտի լինենք, որ իրենք իրենց սրտի կա՞մքն են արտայայտել, թէ՞ իրենց ստիպել են։ Յովնան եպիսկոպոս աւելցուցած է, որ առաջին նիստին չեն հրաւիրուիր քահանաները, «բայց յետոյ կը լսենք նրանց»:

***

Նոյն հարցով՝ աւելցնենք նաեւ որ այս օրերուն բաւական աղմուկ բարձրացուց աստուածաբանական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Յարութիւնեանի (աւազանի անունով)՝ հեռատեսիլի ծանօթ հաղորդավար, լրագրող Պետրոս Ղազարեանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըրած բացայայտումները։

Ենթական կը պատմէ, որ սարկաւագ ձեռնադրուած է ձեռամբ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի, ապա՝ աբեղայ։ Իր վէճերը Գարեգին Բ.ի հետ սկսած են Գարեգին Ա.-ի օրօք, երբ վերջինս առողջական պատճառներով երկար ժամանակ մեկնած էր արտասահման ու Գարեգին Բ.,– այն ատեն արքեպիսկոպոս,–  ստանձնած էր անոր փոխանորդութիւնը։ Յարութիւնեան կը բացատրէ, ի միջի այլոց, թէ Գարեգին Ներսիսեանի հետ իր վէճերը ծայր առած են, երբ անդրադարձած է, որ ամէնէն տարրական, բնական քայլերու համար իսկ  ան «վերէրէն» արտօնութեան կը սպասէ կամ այլ պարագաներու՝ այդ նոյն «վերերէն» հրահանգներ կը ստանայ, ինչպէս 2003-ի ընտրութիւններուն՝ Մայր Աթոռի ճեմարանի սաները «քուէարկել»-ու համար Սեւան տանելու պարագան եւ այլն։ Ասոնց եւ նման այլ երեւոյթներու դիմաց իր ապստամբող վերաբերումին հետեւանքով, ի վերջոյ Յարութիւնեան կարգալոյծ հռչակուած է 2006-ին, որ ի՛ր ալ փափաքածը եղած է։

Խնդրոյ առարկայ հարցազրոյցով հետաքրքրուողներուն համար, ստորեւ կապը՝

https://youtu.be/M4NLP3IprOk