ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Նահանգապետ Նիւսըմ ստորագրած է օրինագիծ մը, որ կը նախատեսէ Գալիֆորնիոյ մէջ հայերը այլեւս չդասակարգել «սպիտակ»

Գալիֆոր­նիոյ նա­հան­գա­պետ Կե­ւին Նիւ­սըմ ստո­րագ­րե­լով՝ օրէն­քի ուժ տուած է AB-91 օրի­նագի­ծին, որ ծա­նօթ է նաեւ «MENA (Մեր­ձա­ւոր Արե­ւելք եւ Հիւ­սի­սային Ափ­րի­կէ) Նե­րառ­ման օրէնք» անու­նով։ Նա­հան­գի 0րէնսդիր ժողովի ան­դամ Ճոն Հայ­րա­պետեանի հե­ղինա­կած այս օրէն­քով՝ ամե­րիկա­հայե­րը պե­տական տուեալ­նե­րու հա­ւաքա­գրման մէջ այ­լեւս պի­տի չար­ձա­նագ­րուին ընդ­հա­նուր «սպի­տակ» դա­սակարգման մէջ։

Տաս­նա­մեակ­ներ ամ­բողջ, հա­յերը եւ Մեր­ձաւոր Արե­ւել­քի ու Հիւ­սիսային Ափ­րի­կէի (MENA) այլ հա­մայնք­ներ «սպի­տակ» դա­սա­կար­գուելով՝ «ան­տե­սա­նե­լի» դար­ձած էին պե­տական վի­ճակագ­րութեանց մէջ, որ կը քօ­ղար­կէր կրթու­թեան, առող­ջա­պահու­թեան եւ այլ ծա­ռայու­թիւննե­րու մէջ առ­կայ ան­հա­ւասա­րու­թիւննե­րը։

Նոր օրէն­քը կը պար­տադրէ, որ 2027 Յու­նուար 1-էն սկսեալ, պե­տական գոր­ծա­կալու­թիւննե­րը հա­ւաքեն եւ հրա­պարա­կեն առանձնա­ցուած տուեալ­ներ MENA հա­մայնքնե­րու հա­մար, նե­րառեալ յստակ բա­ժին մը՝ ամե­րիկա­հայե­րուն հա­մար։

Սա մեծ քայլ մըն է, որու շնոր­հիւ ամե­րիկա­հայե­րը այ­լեւս ան­տե­սանե­լի պի­տի չըլ­լան Գա­լիֆոր­նիոյ հա­մար,– կ՚ըսէ Ամե­րիկա­յի Հայ դա­տի յանձնա­խումբի Արեւմտեան շրջա­նի (ANCA-WR) ատե­նապետ Օշին Յա­րու­թիւնեան։ Իր կար­գին, հա­մայնքա­յին կազ­մա­կեր­պիչ դոկտ. Սո­ֆիա Ար­մէն կը նշէ. Այս օրէնսդրու­թիւնը կը հաս­տա­տէ, որ մեր հա­մայնքնե­րը հա­շուի կ՚առ­նուին եւ ճշգրիտ տուեալ­նե­րը էական են ար­դա­րու­թեան հա­մար։

Ամե­րիկա­յի Հայ դա­տի յանձնա­խումբը կ՚ող­ջունէ նա­հան­գա­պետ Նիւ­սը­մի որո­շու­մը եւ կը գնա­հատէ Նա­հան­գա­յին օրէնսդիր ժողովի ան­դամ Հայ­րա­պետեանի աշ­խա­տան­քը։ «AB-91-ի ստո­րագ­րումը կ՚ընդգծէ քա­ղաքա­կան աս­պա­րէզի մէջ հայ հա­մայնքի ներ­կա­յու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը եւ կը հան­դի­սանայ նա­խադէպ մը՝ միւս նա­հանգնե­րուն եւ դաշ­նակցա­յին կա­ռավա­րու­թեան հա­մար»,– կը յայ­տա­րարէ Յանձնա­խումբը։