ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ — Մաքրոն դարձեալ վարչապետ նշանակեց Լըքոռնիւն, սակայն Հանրապետականները մերժեցին կառավարութեան մաս կազմել

Ֆրանսայի մէջ որոշ ժամանակէ ի վեր տիրող քաղաքական սուր տագնապի պայմաններուն մէջ, որ սաստկացած  էր Սեպասթիէն Լըքոռնուի՝ վարչապետ նշանակուելէն նուազ քան 24 ժամ ետք անակնկալ հրաժարականով, նախագահ Մաքրոն Հոկտեմբեր 10-ի ուշ երեկոյեան զինք դարձեալ նշանակեց վարչապետ։

Սակայն, ազգային միասնութեան կառավարութիւն մը կազմելու փորձերը ձախողեցան, երբ «Հանրապետականներ» կուսակցութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ նոր կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ։

«Հանրապետականներ»-ու որոշումը յայտնի դարձաւ նախագահին հետ իրենց ունեցած բանակցութիւններէն ետք։ Կուսակցութեան ղեկավարները նշեցին «ծանր քաղաքական տարակարծութիւններ» եւ ընդդիմութեան մէջ մնալու իրենց փափաքը։ Այս մերժումը կը նշանակէ, որ Լըքոռնիւ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի գլխաւորէ փոքրամասնութեան կառավարութիւն մը՝ խորհրդարանին մէջ դիմագրաւելով մեծ դժուարութիւններ։

Այժմ վարչապետ Լըքոռնիւի առջեւ դրուած է ծանր խնդիրը՝ կազմելու նոր նախարարական կազմ մը՝ շարունակուող քաղաքական անկայունութեան պայմաններուն մէջ։