DigiTec-2025 արհեստագիտական ցուցահանդէսը՝ Երեւանի մէջ

Տեղական եւ միջազգային ընկերութիւններ ներկայացուցած են իրենց նորարարութիւնները

Հայաստանի ամենամեծ արհեստագիտական իրադարձութիւնը՝ DigiTec-2025 ցուցահանդէսը, որ այս տարի կը նշէ իր 20-ամեակը, Հոկտեմբեր 10-ին իր դռները բացած է հանրութեան առջեւ Երեւանի «Մերիդիան էքսպօ» կեդրոնին մէջ։ Ամէնամեայ այս հեղինակաւոր միջոցառումը մէկ երդիքի տակ համախմբած է աւելի քան 250 տեղական եւ միջազգային ընկերութիւններ, որոնք երեք օր կը ներկայացնէին իրենց արտադրանքներն ու նորարարական լուծումները։

Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղած են կառավարութեան անդամներ, դիւանագէտներ եւ արհեստագիտութեան ոլորտի առաջատարներ։ Իր բացման խօսքին մէջ ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդգծած է ցուցահանդէսին կարեւորութիւնը՝ Հայաստանը որպէս տարածաշրջանի արհեստագիտական կեդրոն դիրքաւորելու եւ տեղական տաղանդը միջազգային շուկային ներկայացնելու առումով։

Ցուցահանդէսի տաղաւարները ընդգրկած են ոլորտի լայն շրջանակ մը՝ արհեստական բանականութենէն, համացանցային անվտանգութենէն մինչեւ ֆինանսական արհեստագիտութիւններ (FinTech), կրթական լուծումներ եւ ռազմարդիւնաբերական ոլորտի վերջին նուաճումները։ Այցելուները առիթը կ՚ունենան ծանօթանալու հայկական start-up-ներու նորարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային հսկաներու առաջարկած լուծումներուն։

DigiTec-ը միայն ցուցահանդէս մը չէ, այլ նաեւ գործարար կապեր հաստատելու, ներդրումներ ներգրաւելու եւ երիտասարդ սերունդը ներշնչելու կարեւոր հարթակ մըն է։ Ցուցահանդէսը, որ իր դռները կը փակէ Կիրակի, հոկտեմբեր 12-ին, ունէր հարուստ օրակարգ մը՝ համաժողովներ, սեմինարներ եւ գործնական հանդիպումներ։

Աւելցնենք, թէ բացման օրը ցուցահանդէս այցելած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ նախարար Հայրապետեանի հետ շրջած է տաղաւարները։