ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ – Հրապարակուեցաւ նոր կառավարութեան կազմը

Ինչպէս սովորութիւն դարձած է Ֆրանսայի քաղաքական տագնապի վերջին շրջանին, այս անգամ եւս Հոկտեմբեր 12-ի ուշ գիշերին հրա­պարա­կուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի նոր կա­ռավա­րու­թեան կազ­մը, 34 նա­խարար­նե­րով։

Որոշ անուններ կը մնան նա­խորդ կա­ռավա­րու­թեան մէջ իրենց գրա­ւած պաշ­տօննե­րուն գլու­խը, ինչպէս Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարար Ժե­րար Տար­մա­նէն կամ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար ԺանՆոէլ Պա­ռօ, մինչ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարար Պրիւ­նօ Ռը­թայօ կը բա­ցակա­յի ցան­կէն, նա­խապէս յայ­տա­րարած ըլ­լա­լով, որ իր գլխա­ւորած «Հան­րա­պետա­կան­ներ» կու­սակցու­թիւնը պի­տի չմաս­նակցի այս նոր կա­ռավա­րու­թեան։ Հա­կառակ այդ որո­շու­մին, վեց հան­րա­պետա­կան­ներ ըն­դա­ռաջած են իրենց առա­ջար­կուած նա­խարա­րական աթո­ռին եւ այդ քայ­լով իսկ «ստո­րագ­րած» են իրենց վտա­րու­մը կու­սակցու­թե­նէն։

Մա­րին Լը Փէն, նոր կառավարութեան կազմը ծանուցող լուրէն ժամ մը չան­ցած, ար­դէն տե­ղեկա­ցու­ց, թէ իրենք անվստա­հու­թիւն պի­տի յայտնեն, մինչ ընկերվարականներու պարագլուխը Օլիվիէ Ֆոռ իրենց դիրքորոշման մասին կատարեալ անորոշութիւն յառաջացնող «No comment» մը հրապարակած է «X»-իիրհաշիւին։

Աւե­լի ման­րա­մասն կ՚անդրա­դառ­նանք յա­ջորդիւ, եթէ մինչ այդ այս նոր կա­ռավա­րու­թիւնն ալ քանի մը ժամէն չհրա­ժարի, ինչպէս նախորդը։