Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութիւնը՝ հոգեւորականներու ձերբակալման մասին

Քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ մանրամասնութիւններ յայտնած է Արագածոտնի թեմի մէջ իրականացուած գործողութիւններուն վերաբերեալ։

«ՀՀ Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնին մէջ, հաւաքներու մասնակցելու հարկադրելու, ընտրական իրաւունքը խոչընդոտելու եւ մեծ չափով վստահուած գոյքի յափշտակութիւն կատարելու դէպքերու առիթով նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան շրջանակին մէջ կատարուած են շարք մը խուզարկութիւններ։

Կատարուած երկու տասնեակէ աւելի խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած եւ առգրաւուած են քրէական վարոյթին համար նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթեր, ելեկտրոնային տեղեկատւութիւն պարունակող սարքեր, առանձնապէս մեծ գումարներ, ոսկեայ եւ արծաթեայ մեծաքանակ զարդեր, շարք մը առեւտրային կազմակերպութիւններու անունով տրուած բազմաթիւ վառելանիւթի կտրօններ, այլ իրեր ու առարկաներ։

Կատարուած մեծածաւալ քննչական ու վարութային գործողութիւններով ձեռք բերուած փաստերու հիման վրայ Հ.Պ.-ի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է՝ 18.04.2003 թուականին ընդունուած Քրէական օրէնսգիրքի 149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտով (պաշտօնական դիրքը օգտագործելով ընտրական իրաւունքի իրականացման խոչընդոտում), Քրէական օրէնսգիրքի 236-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով հաւաք կազմակերպելը կամ անոր մասնակցիլը խոչընդոտել կամ հարկադրել, ինչպէս նաեւ հաւաքին մասնակցելու կամ հաւաքին մասնակցելէ հրաժարելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռել), Ա.Ա.-ի նկատմամբ՝ 46-236-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները […] օգտագործելով հաւաք կազմակերպելը […] խոչընդոտել կամ հարկադրել […] նիւթապէս շահագրգռելու օժանդակել) եւ Ն.Ա.-ի նկատմամբ՝ 256-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ եւ 3-րդ կէտերով (իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները […] օգտագործելով մեծ չափով վստահուած գոյքը յափշտակել)։

Վերջիններս ձերբակալուած են։ Քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը կը շարունակուի»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ «Հայկական ժամանակ» թերթին՝ ձերբակալուածները բացի Արագածոտնի թեմի առաջնորդէն, դիւանապետն ու հաշուապահն են։