«Պարո՛ն Նախագահ, ինծի կը թուի, թէ ձեռքսեղմում մը բաւարար էր»

Ընկերա­բանա­կան կամ հո­գեբա­նական բա­ցայայ­տում մը ըրած պի­տի չըլ­լանք, եթէ ըսենք, որ հա­յերս կը սի­րենք շու­տով հա­մոզուիլ, թէ մեզ ժպտե­լով, գիր­կընդխառ­նուելով դի­մաւո­րող օտար պե­տու­թեան իւ­րա­քան­չիւր ղե­կավար կամ պա­տաս­խա­նատու մեր բա­րեկամն է։ Այո՛, թե­րեւս ալ այդպէս է, շա­հերու թոյլ տուած սահ­մաննե­րուն մէջ։ Բայց միաժա­մանակ կ՚ու­զենք հա­ւատալ, թէ այդ նոյն ղե­կավա­րը կամ պա­տաս­խա­նատուն մեր թշնա­միին կամ թշնա­մինե­րուն նկատ­մամբ ալ՝ բա­ցասա­կան կե­ցուածք պի­տի ցու­ցա­բերէ մեր պատ­ճա­ռով։ Հո՛ս է, որ կը սխա­լինք չա­րաչար։

Ասոր լա­ւագոյն օրի­նակն է Շարմ էլՇէյ­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Մերձա­ւոր Արե­ւել­քի խա­ղաղու­թեան վե­հաժո­ղովին՝ նա­խագահ Մաք­րո­նի, չըսելու համար աւելին՝ մտերմիկ վերաբերումը Ալիեւի նկատմամբ։ Ո՛չ թէ միայն հայ­կա­կան «գոր­ծօն»-ը, այլ նաեւ Ազեր­պայճա­նի նա­խագա­հին իր հաս­ցէին ու­նե­ցած բազ­մա­թիւ վի­րաւո­րական ար­տա­յայ­տութիւննե­րը ար­գելք չեն եղած նման սի­րալիր կե­ցուած­քի, որուն մա­սին կը վկա­յեն բազ­մա­թիւ տե­սանիւ­թեր։Անտեղի չէ նաեւ աւելցնել, որ Մաքրոն ի՛նք կ՚երթայ Ալիեւին քով, մինչ վերջինս կռնակը դարձած, արդէն զրոյցի մէջ է։

Ինչպէս ըսինք՝ շա­հե՛րը կը ճշդեն սահ­մաննե­րը։

Երե­ւոյ­թը չէ վրի­պած նաեւ Եւ­րո­պական խորհրդա­րանի ֆրան­սա­ցի երես­փո­խան Նա­թալի Լուազո­յի աչ­քէն, որ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ հրա­պարա­կած է հե­տեւեալ գրա­ռու­մը.

«Պա­րո՛ն Նա­խագահ, ին­ծի կը թուի, թէ ձեռքսեղ­մում մը բա­ւարար էր, եթէ ոչ ի յի­շատակ ցե­ղային զտու­մի զոհ 120.000 ար­ցա­խահա­յերուն, կամ Ազեր­պայճա­նի մի­ջամ­տութեան, գո­նէ Իլ­համ Ալիեւին՝ ձե­զի ըրած անար­գանքնե­րուն համար»։

Տանըլտ Թրամփ«Նախագահ Իլհամ Ալիեւ շատ զօրաւոր ղեկավար մըն է»

Այնպէս կը թուի, թէ այս օրե­րուն Ազեր­պայճա­նի նա­խագա­հին աստղը կը փայ­լի։

Մաք­րո­նի աւե­լի քան սի­րալիր վե­րաբե­րու­մէն ետք, Ալիեւ ար­ժա­նացած է նաեւ ԱՄՆու նա­խագա­հին դրուատան­քին։

Այսպէս, Թրամփ դար­ձեալ յի­շատա­կած է անոր անու­նը՝ Շարմ էլՇէյ­խի խա­ղաղու­թեան վե­հաժո­ղովին՝ Կա­զայի հրա­դադա­րի վերջնա­կան հա­մաձայ­նագրի ստո­րագրման արա­րողու­թեան իր ելոյ­թին։

Շնոր­հա­կալ եմ բո­լորիդ այ­սօր այստեղ ներ­կայ գտնուելուն հա­մար։ Ես լու­ծե­ցի այս մար­դուն, Ազեր­պայճա­նի պա­տերազ­մի հար­ցը,– ըսած է Թրամփ, դի­մելով Ալիեւին ու շա­րու­նա­կած, ակ­նարկե­լով Ազեր­պայճանՀա­յաս­տան խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցին՝ “32 տա­րուան հա­կամար­տութիւն կար, բայց մենք հար­ցը լու­ծե­ցինք շուրջ մէկ ժա­մուան մէջ, չէ՞։

Ան շատ զօ­րաւոր ղե­կավար մըն է, շատ լաւ գործ կ՚ընէ”,աւել­ցուցած է Թրամփ Ալիեւի մասին։