Սուրբ Աթոռ կատարած իր աշխատանքային այցելութեան (18-20 հոկտեմբեր) շրջանակին մէջ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Հռոմի քահանայապետ Նորին սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. պապին հետ։
Հռոմի պապը ողջունած է վարչապետ Փաշինեանի այցը Վատիկան եւ անոր մասնակցութիւնը՝ Հոկտեմբեր 19-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած երանելի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի եւ վեց այլ երանելիներու սրբադասման արարողութեան։ Ան շեշտը դրած է Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած սերտ յարաբերութիւններուն, յատկապէս այդ կապերու խորացման մէջ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան դերին վրայ։
Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին դարձեալ շնորհաւորած է Նորին սրբութիւնը Հռոմի քահանայապետ ընտրուելուն առիթով՝ մաղթելով ուժ եւ յաջողութիւն իր սուրբ առաքելութեան իրագործման դժուարին ու պատասխանատու ճանապարհին վրայ։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Լեւոն ԺԴ. պապին առաջնորդութեամբ պիտի շարունակուի Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի միջեւ սերտ երկխօսութեան աւանդութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի համար կարեւոր հարցերու նկատմամբ ցուցաբերուող հետեւողական ուշադրութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն։ Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ առնուած քայլերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է մարդասիրական հարցերուն։ Նորին սրբութիւնը շնորհաւորած է արձանագրուած յառաջընթացը եւ յոյս յայտնած, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը պիտի դառնայ համագործակցութեան եւ կայունութեան նոր փուլի մը սկիզբը։
Վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը խաղաղութեան օրակարգին՝ ի շահ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի բարգաւաճման ու կայուն զարգացման։
Այցելութեան շրջանակին մէջ, վարչապետ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի հետ։