Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Հոկտեմբեր 21-ին Աստանայի մէջ, Ղազախստանի նախագահ Քասըմ—Ժոմարթ Թոքաեւի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, թէ Ազերպայճան վերցուցած է դէպի Հայաստան բեռներու տարանցման բոլոր այն սահմանափակումները, որոնք նախապէս գոյութիւն ունէին։
Ազերպայճանի նախագահին համաձայն՝ նման տարանցման առաջին օրինակը եղած է ղազախական հացահատիկի փոխադրումը դէպի Հայաստան։
“Այսօր Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան նոր փուլ մը սկսած է։ Եւ վերջին ռազմական բախումներէն ընդամէնը երկու տարի ետք խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը կը վկայէ, որ երկու երկիրներն ալ քաղաքական կամքի բաւական բարձր մակարդակ ցուցաբերած են”,– ըսած է Ալիեւ։
Ան բարձր գնահատած է ԱՄՆ—ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դերը՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ։
Ղազախստանի նախագահը իր կարգին ընդգծած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ Ուաշինկթընեան համաձայնագրերու պատմական նշանակութիւնը։ Թոքաեւ շեշտը դրած է այն իրողութեան վրայ, որ երկու պետութիւններուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները համագործակցութեան նոր հորիզոններ կը բանան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս։