Իսրայէլ դէմ է Թուրքիոյ մասնակցութեան այն խաղաղապահ զօրախումբին, որ նախատեսուած է տեղակայել Կազա՝ իրավիճակի կարգաւորման ծրագրին շրջանակին մէջ։
Այս մասին կը յայտնէ Times of Israel-ը՝ վկայակոչելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը։
«Որեւէ կասկած չկայ, մենք շատ յստակ կարծիք ունինք այդ մասին։ Առաքելութեան թրքական մասնակցութիւն պէտք չէ ըլլայ»,– լրասփիւռին յայտնած են Իսրայէլի վարչապետին գրասենեակէն։