ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Սրբադասման թելադրած դասերը

Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցա­կան­նե­րու շուրջ ստեղ­ծուած անա­խորժ պատ­մութիւններն ու դա­տական հետապնդումնե­րը իւ­րա­յատուկ չեն միայն հա­յու­թեան, արեւմտեան զանազան եր­կիրնե­րու մէջ եւս եկե­ղե­ցա­կան­նե­րու դէմ ամ­բաստա­նութիւններ կը յարուցուին ու բան­տարկու­թիւններ տե­ղի կ՚ու­նե­նան։ Անհրա­ժեշտ է որ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ եւս այդ գոր­ծընթա­ցը սկսէր, որ­պէսզի եկե­ղեցա­կան­նե­րը վե­րաշահէին ժո­ղովուրդին վստա­հու­թիւնը։ Օր ըս­տ օ­րէ, դէպ­քե­րը ցոյց կու տան գայ­թակղու­թեան ծաւա­­լը։ Երե­ւոյ­թին քա­ղաքա­կան շա­հար­կումը կը դժուարաց­նէ իրա­վիճա­կը։ Ասոր վեր­ջի­ն օրինակը՝ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ ներ­կա­յացու­ցիչ Շա­հան արք. Սար­գի­սեանի հան­դի­պումն է վար­չա­պետ Փա­շինեանի հետ, որ փո­խանակ հան­դարտեց­նե­լու կիր­քե­րը, աւե­լի հրահ­րած է։

Բարե­բախ­տա­բար, դրա­կան անակնկալ մը եկաւ Կա­թողի­կէ եկե­ղեցիէն։ Ան սրբա­դասեց Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հատակ, Մար­տի­նի հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի առաջ­նորդ Իգ­նա­տիոս Մա­լոյեան սրբա­զանը։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու, մարդկու­թեան դէմ ոճիր­նե­րու եւ ցե­ղային զտումնե­րու ներկայ դա­րուն, Կա­թողի­կէ եկեղեցւոյ այս քայ­լով հայ հո­գեւո­րակա­նը կը դա­ռնայ հա­ւատ­քի, բա­րոյա­կան ար­ժէ­քի եւ անձնուիրու­թեան մարմնա­ցում։ Ա՛ն­կասկած, այս սրբա­դասու­մը այ­սու­հե­տեւ մի­ջազ­գա­յին ու­շադրու­թեան պի­տի ար­ժա­նանայ։ Պէտք է յու­սալ, որ Սուրբ Իգ­նա­տիոս Մա­լոյեան Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ իր բա­րեն­պաստ ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նենայ։

Հա­յաս­տա­նի հա­մար բա­ցառիկ է տես­նել թէ ինչպէ՛ս Իգնա­տիոս ար­քեպիս­կո­պոս Մա­լոյեան ար­ժա­նա­ցաւ Վա­տիկա­նի Ս. Պետ­րոս տա­ճարի հրա­պարա­կին վրայ 70.000 հա­ւատա­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան՝ ուրիշ վեց երա­նելի­ներու շար­քին սրբա­դասու­մի, բա­նալով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատա­կին նուիրուած նոր էջ մը, որ ու­նի մի­ջազ­գա­յին հնչե­ղու­թիւն։ Այ­սուհե­տեւ Ան պիտի ստանայ բո­լոր կա­թո­ղի­կէնե­րու աղօթքնե­րը, հա­ւա­տա­ց­եալ­ներ անոր միջ­նորդու­թեան ու բա­րեխօ­սու­թեան պի­տի դի­մեն, ար­ժա­նա­նա­լու Աս­տուծոյ ողոր­մու­թեան։

Հա­յաս­տան եւս իբր քրիս­տո­նէու­թեան հա­ւատ­քի անդրա­նիկ զա­ւա­կը, ու­նի՛ հա­մայն քրիս­տո­նէու­թիւնը հա­մախմբող եր­կիր դառ­նա­լու կա­րո­ղա­կանու­թիւնը։ Բայց պէտք է գի­տակ­ցի՛լ այդ զօ­րու­թեան։ Անոր չեն պակ­սիր ուխտա­տեղի­ները, մար­տի­րոս­նե­րը, քրիս­տո­նէական կո­թող­նե­րը։ Առա­ջին հեր­թին Եկե­ղեցին ու եկե­ղեցա­կանն է որ պէտք է գի­տակ­ցին այս երե­ւոյ­թին։ Փրան­կիսկոս պա­պը ար­դէն ազ­դանշա­նը տուաւ 2016-ին Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան ընթացքին՝ յայտնե­լով, որ հոն՝ քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին պետութիւն կու գայ իբ­րեւ ուխտա­ւոր։

Կա­թողի­կէ եկե­ղեցին իր սուրբե­րուն կար­գին ըն­դունած է հայ սուրբե­րը՝ ինչպէս Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչն ու Ս. Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին։ Մա­լոյեան առա­ջին ժա­մանա­կակից հայն է, որ կը սրբադա­սուի։

Հա­յու­թիւնը, Անիի ան­կումէն ի վեր սկսած է սփռուիլ աշ­խարհով մէկ. ինչպէս որ Սի­սի Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ կա­թողի­կոսու­թիւնը յետեղեռնե­ան եր­կար թա­փառումնե­րէ ետք հաս­տա­տուած է Ան­թի­լիասի մէջ, նոյն­պէս ալ Զմմա­ռու Հայ կա­թողի­կէ եկե­ղեցին դա­րերէ ի վեր իր նստա­վայ­րը հաս­տա­տած է Լեռ­նա­լիբա­նանի մէջ եւ Մա­լոյեան վար­դա­պետ ձեռ­նադրուած այնտեղ, առա­քելու­թեան ու­ղարկուած է պատ­մա­կան Հա­յաս­տան՝ Մար­տին, ուր ալ մար­տի­րոսա­ցած է։ Ասով, Լի­բանա­նի հետ հա­յու­թեան կա­պը կը ստա­նայ աւելի զօ­րաւոր նշա­նակու­թիւն։ Այս տեսանկիւնէն՝ Լի­բանա­նի նա­խագա­հին եւ Մա­րոնի ու Ասո­րի կա­թողի­կէնե­րու պատ­րիարքնե­րուն ներ­կա­յու­թիւնը սրբա­դասման արարողութեան՝ եղ­բայ­րու­թեան եւ եկե­ղեցա­կան ար­ժէք­նե­րու ընդհան­րա­կանու­թեան կա­րե­ւոր խորհրդա­նիշ է մա­՛նաւանդ ներ­կայ ժա­մանա­կաշրջա­նի ազ­գայ­նա­կանու­թեան, ցեղա­պաշ­տու­թեան եւ օտա­րատեացու­թեան երե­ւոյթ­նե­րուն դի­մաց։

Սրբա­դաս­ման արա­րողու­թեան հրա­ւիրեալ պաշ­տօ­նական անձնա­ւորու­թեանց կար­գին էր,– Հայ առա­քե­լա­կան եկե­ղեցի­ներու ներ­կա­յա­ցու­ցիչնե­րուն կող­քին,– նաեւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը, որ ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ու ջերմ շփումներ Հռո­մի պա­պին եւ Հայ կա­թողի­կէ կա­թո­ղի­կոս պատ­րիար­քին հետ։ Ու­րիշ պա­րագայ մը պե­տու­թիւնեկե­ղե­ցի ջերմ յա­րաբե­րու­թիւններու։

Ժ.Չ. ■