«Նոր Յառաջ» – Հոգեւոր տէր, տեղի ունեցաւ Իգնատիոս արք.-ի սրբադասման արարողութիւնը, որուն համապատարագիչն էիք դուք։ Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները այս առթիւ։
Ռաֆայէլ—Պետրոս Մինասեան կաթողիկոս—պատրիարք – Խոնարհութիւն, երախտագիտութիւն, աստուածային այս մեծ շնորհին, որ պարգեւեց, ոչ թէ ինծի, այլ մեր եկեղեցիին, մեր ժողովորդին, ճանչնալով այդ բոլոր չարչարանքները եւ ջարդերը, որ տեղի ունեցած են տարիներու ընթացքին եւ մա՛նաւանդ 1915-ին, որուն տիպար զոհը եղաւ ան։ Հետեւաբար տպաւորութիւնները շատ խոր են, զգացական կերպով եթէ պիտի խօսիմ, բաւական խոր յուզումներ են, որովհետեւ իմ անձիս մէջ՝ անարժան մէկ ծառան մեր Եկեղեցւոյ, կարողացաւ ներկայացնել ամբողջ հայ ազգը այդ Սուրբ խորանին դիմաց, ընդհանրական Եկեղեցւոյ գլխաւորին՝ Լեւոն 14-րդ պապին հետ։ Հետեւաբար մաղթանքս այն է, որ իսկապէս մեր այս նոր սուրբը, 20-րդ դարուս հայ սուրբը, կարողանայ իր ազդեցութիւնը ունենալ բարի ընթացքով եւ լի աստուածային շնորհքով։
«ՆՅ» – Սրբադասման գործընթացը մէկ օրուան աշխատանք չէ, երկար աշխատանք է։ Ի՞նչ փուլերէ անցաւ, եւ քանի տարուան ընթացքին աւարտին հասաւ։
Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Անշո՛ւշտ, ես չեմ կրնար ստանձնել ամբողջ արժանիքը այս սրբադասման, որովհետեւ ինձմէ առաջ երեք—չորս պատրիարքներ աշխատանք տարած են, մինչեւ զինք երանելիութեան հասցնելը։ Անկէ ետք, Ղապրոյեան պատրիարք հոգեւոր տէրը, իրմէ առաջ Ներսէս հոգեւոր տէրը…հետեւաբար ես կերպով մը կարողացայ վայելել իրենց աշխատանքներուն արդիւնքը՝ վերջին հանգրուանին հասած սրբադասման այս մեծ արարողութիւնը։ Այս գործողութիւնը երկար տարիներու ընթացքին եղած է, յիսունական թուականներէն սկսած, վկայութիւններու հաւաքումով։ Տարիներ անցան եւ երեւակայեցէք որ 2001-էն, երանելիութեան հռչակումէն 24 տարի ետք, մինչեւ 2025, այսօր միայն տեղի ունեցաւ սրբադասումը։ Հետեւաբար անխոնջ աշխատանքի եւ շատ—շատերու մասնակցութեան եւ զոհողութեան արդիւնքն է այն ինչ, որ վայելեցինք մենք, մի քանի օր առաջ։

«ՆՅ» – Մարոնի եւ Ասորի եկեղեցիներու պատրիարքները ներկայ էին, նաեւ՝ Լիբանանի նախագահը։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք, Լիբանանի այս քոյր եկեղեցիներու եւ երկրի ղեկավարութեան մասնակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը։ Ինչի՞ արդիւնք է։
Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Սա հարցում մըն է, որ իրենց պէտք է ուղղել։ Երբ կը տեսնենք, բոլոր այդ ոչ—հայ համայքները, եկեղեցիները, քաղաքական անձնաւորութիւնները … Այսօր Լիբանանի նախագահը առանձին չէր. իրեն կ՚ընկերանային 35 նախարար եւ երեսփոխան, կազմակերպութիւններու նախագահներ, որոնք բոլորը միասին կը գտնուէին այդ հրապարակին վրայ։ Ինչպէս որ հոն էին նաեւ Հնդկաստանի Կարդինալը եւ Վատիկանի բոլոր գրասենեակներուն մէջ գործող կարդինալները։ Այսինքն մէկ խօսքով, եթէ համայն աշխարհը մեզ կը սիրէ ու կը պատուէ, ցանկալի պիտի ըլլար որ այդ սիրով մենք ալ զիրար սիրէինք, այն սիրով, որ օտարները մեզ կը սիրեն։
«ՆՅ» – Որքան որ վերջապէս ինքնութեամբ հայ եպիսկոպոս է սրբադասուածը, նոյնքան ալ լիբանանցի է. ձեռնադրուած է Զմմառի մէջ, …Կաթողիկէ կաթողիկոսութիւնը Զմմառի մէջ կայք հաստատած է…։
Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Յամենայնդէպս պէտք է ընդունիլ որ սուրբերը ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբեր են։ Սուրբերը պէտք չունին ո՛չ մեր վկայութեան, ո՛չ մեր միջամտութեան, այլ մենք ենք, որ պէտք ունինք իրենց միջամտութիւններուն, որպէսզի կարողանանք Աստուծոյ շնորհները ստանալ իրենց ճանապարհով, թէեւ աստուած կը տեսնէ եւ կը պարգեւէ բոլոր շնորհները։ Ամէնօրեայ մեր կեանքը, մեր շունչը, մեր էութիւնը ամբողջութեամբ Աստուծոյ ձեռքին մէջ է։ Բայց Աստուած կը գործածէ նաեւ իր հաւատարիմները, որոնք շալկեցին կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, ինչպէս որ Քրիստոս շալկեց խաչը եւ խաչին վրայ մեռաւ, մենք ալ կ՚առնենք այդ խաչը այդ յոյսով, որով Յիսուս յարութիւն առաւ։ Ա՛յս է դասը այն բոլոր հաւատարիմներուն, հաւատացեալներուն համար, որոնք Աստուծոյ կապուած կը մնան, եւ սուրբ հաղորդութեան իմաստը կը հասկնան։ Քրիստոսը մարմնով, արիւնով մեր մէջ կ՚առնենք՝ մեր մէջ կ՚ըլլայ, երբ մենք իր մէջ կ՚ըլլանք եւ այս գաղափարով պէտք է, որ մենք նաեւ կարողանանք ցանել այս սերմը, սուրբերո՛ւն սերմը մեր բոլոր եկեղեցիներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն սրտին մէջ։
«ՆՅ» – Զարմանալիօրէն այս սրբադասումը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը ուր իրարու կը յաջորդեն ցեղասպանութիւն, ցեղային զտում, մարդկութեան դէմ ոճիրներ, պատերազմական ոճիրներ, անոնց զոհն են նաեւ Լիբանան եւ պաղեստինցիները։ Եւ վերջապէս, Մալոյեան ինք եւս զոհ էր ցեղասպանական ոճիրի…
Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Աստուած ինչպէս միշտ մեզի առիթները կու տայ, ինչպէս բոլոր հրաշքները եւ երեւումները որ տեղի ունեցած են դարերու ընթացքին։ Կը շարունակէ մեզի տալ նշաններ, անձեր, ֆիզիքական մարդիկ, որոնք կը վկայեն, մեզ կը հրաւիրեն մեր խղճին առջեւ գտնուելու եւ վերադառնալու Աստուծոյ սիրոյն եւ Աստուծոյ տուած պարգեւներուն։ Երախտագիտութեամբ, միութեամբ Աստուծոյ հետ, որպէս հարազատ զաւակներ, ոչ որպէս անառակ որդիներ. ի դէպ, նոյնիսկ անառակ որդին վերադարձաւ իր հօրենական տունը։ Եւ ա՛յս է մեր կոչը։ Աստուած մեզի կու տայ այս տիպար օրինակն ու տիպար անձնաւորութիւնները, որոնք իրենց կեանքին վկայութեամբ բոլոր դժուարութիւնները, չարչարանքները, զրկանքները կրեցին, կը վկայեն Աստուծոյ, գերագոյն եւ անհուն սիրոյն մասին։ Հետեւաբար ա՛յս է կոչը, ա՛յս է նշանը. ի տես ձեր թուած այն բոլոր ոճիրներուն, այդ բոլոր ջարդերուն, այդ բոլոր անմարդկային արարքներուն, որ տեղի կ՚ունենան այս աշխարհի երեսին, այս սուրբերը մեզի կ՚անդրադարձնեն, որ վերադարձի ժամը հասած է։ Եւ մեր մաղթանքն է, որ մեր վայելած այս իսկապէս փառահեղ հանդիսութիւնը ըլլայ մեզի առիթ մը՝ մեր հոգեւոր կեանքը զօրացնելու եւ վերադառնալու Աստուծոյ սիրոյն։
«ՆՅ» – Երեւոյթներէն մէկը, որ նոյնպէս շատ կարեւոր էր՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Հայաստանի վարչապետին ներկայութիւնն էր այս արարողութեան։ Երբ գիտենք որ այսօր Առաքելական եկեղեցին եւ պետութիւնը բախումներու մէջ են։
Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Ճի՛շդ է, անոր համար է որ վերի հարցումներէն մէկուն պատասխանեցի, ըսելով որ «երբ կը տեսնէք թէ օտարները որքան մեզ կը սիրեն, կը յարգեն եւ կը մասնակցին մեր ուրախութիւններուն»։ Պիտի ցանկայինք որ մենք ալ զիրար սիրենք եւ իրարու օգնենք եւ մեր հարցերը սիրով կարենանք հարթել եւ ոչ՝ ոխակալութեամբ ու քինութեամբ։
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■