Փաշինեան. «Կը սկսի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ազատագրման գործնական փուլը»

Հազարաւոր հաւատացեալներ ներկայ գտնուած են կարգալոյծ հռչակուած Տէր Արամ քահանայի մատուցած պատարագին, որուն մասնակցած է նաեւ վարչապետը

Հազարաւոր հաւատացեալներ Կիրակի, Հոկտեմբեր 26-ի առաւօտուն ուղղուած են դէպի Յովհաննավանք՝ մասնակցելու համար վանքի հոգեւոր հովիւ Արամ քահանայ Ասատրեանի մատուցած պատարագին։ Վանքն ու յարակից տարածքները լեցուած են հոծ բազմութեամբ։ Պատարագին, կառավարութեան եւ իշխանութեան որոշ անդամներու հետ ներկայ գտնուած է նաեւ վարչապետ Փաշինեան, որու ներկայութիւնը եւ յաջորդող յայտարարութիւնը,– եթէ դեռ կարելի է,– քիչ մը աւելի սաստկացուցած են եկեղեցիպետութիւն տագնապը։

Յիշեցնենք, որ Արամ քահանան հոկտեմբեր 21-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ կարգալոյծ հռչակուած էր, սակայն ան մերժած էր այդ որոշումը եւ հրաւիրած հաւատացեալները իր մատուցելիք պատարագին։ Վարչապետ Փաշինեան նախապէս յայտարարած էր իր մասնակցութեան մասին։ Պատարագի աւարտին Արամ քահանան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին։

 

Փաշինեանի հրապարակային մեղադրանքները

Պատարագէն ետք, վարչապետ Փաշինեան «Դիմագիրք»-ի իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթով մը խիստ յայտարարութիւններ ըրած է՝ ուղղակի թիրախ առնելով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը (զայն անուանելով Կտրիճ Ներսիսեան)։

«Հարցը այն է, որ Կտրիճ Ներսիսեանը իր արդէն յայտնի խմբակին հետ պղծութեան շղթաներու մէջ կալանած է մեր Սրբութեան սրբոցը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը»,– գրած է Փաշինեան։ «Անոնք ամենեւին մեր Տէր եւ ուսուցիչ Յիսուս Քրիստոսի ուսմունքը եւ վարդապետութիւնը չեն տարածեր, այլ կը տարածեն պղծութիւն, եղծանում, ոճրային ենթամշակոյթ»։

Վարչապետը շարունակած է. «Մեր Սրբութեան սրբոցի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ազատագրման օրակարգը շատոնց հասունցած է։ Եւ այսօրուան Յովհաննավանքի պատարագը պիտի խորհրդանշէ մեր Սրբութեան սրբոցի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ազատագրման գործնական փուլի սկիզբը։ Եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է կատարէ իր ընտրութիւնը՝ ներառեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ քահանաները»։