Արտաքին գործոց նախարարը Փարիզի մէջ մասնակցած է Ֆեմինիստական դիւանագիտութեան համաժողովին եւ ունեցած կարեւոր հանդիպումներ ֆրանսացի պաշտօնատարներու եւ այլ պաշտօնակիցներու հետ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կ՚այցելէր Փարիզ՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրաւէրով, մասնակցելու համար վերջինիս կազմակերպած Ֆեմինիստական դիւանագիտութեան 4-րդ նախարարական համաժողովին։ Խորհրդանշականօրէն կարեւոր այս հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ Ֆրանսայի, Մարոքի, Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարարները, ՄԱԿի կանանց հարցերու գրասենեակի գործադիր տնօրէնը եւ այլ երկիրներէ, միջազգային կազմակերպութիւններէ ու քաղաքացիական հասարակութենէ ներկայացուցիչներ։

Յատուկ բնաբանով՝ «Եկած է խաղաղութեան ժամանակը» նիստին ունեցած իր ելոյթին՝ նախարար Միրզոյեան շեշտը դրած է կիներու անփոխարինելի դերին վրայ խաղաղութեան հաստատման մէջ։ Ան ըսած է, թէ այդ երեւոյթը ա՛լ աւելի կարեւորութիւն կը զգենու այնպիսի տարածաշրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Հարաւային Կովկասի, ուր կիները կրած են հակամարտութեան ծանր հետեւանքները։

Մեր այս հաւաքի խորագիրը՝ «Եկած է խաղաղութեան ժամանակը» խոր իմաստ ունի Հայաստանի համար։ […] Երկու երկիրները [Հայաստան եւ Ազերպայճան] այժմ կ՚աշխատին խաղաղութիւնը սահմանակարգելու եւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու՝ անցնելով հաշտութեան դժուարին ճանապարհով”,ըսած է նախարարը՝ վերստին ընդգծելով կիներու յատուկ դերը այս գործընթացին մէջ։

Ան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ սեռային հաւասարութեան եւ կիներու դերին ամրապնդման ուղղուած ջանքերը՝ նշելով, որ տակաւին շատ ընելիք կայ, բայց երկիրը վճռակամ է այս ճամբուն վրայ։ Միրզոյեան յայտնած է, որ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան մէջ կիներու համեմատութիւնը 44,4 տոկոս է եւ կը շարունակէ աճիլ։ Ան նաեւ յիշեցուցած է Տիանա Աբգարի ժառանգութիւնը՝ որպէս արդի դիւանագիտութեան առաջին կին ներկայացուցիչներէն մէկը։

Նախարարը նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի միջազգային յանձնառութիւններուն, ինչպէս ՄԱԿի՝ «Դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ կիներու միջազգային օր» հռչակող բանաձեւին համահեղինակութիւնը, «Հաւասարութեան սերունդ» նախաձեռնութեան գործուն մասնակցութիւնը եւ «Կանայք, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» ծրագրի որդեգրումը։

Հանդիպումներ ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ

Այցելութեան շրջանակին մէջ, Արարատ Միրզոյեան կարեւոր հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէի եւ Եւրոպայի ու արտաքին գործոց նախարար ԺանՆոէլ Պառոյի հետ։

 

Լառշէի հետ հանդիպումին՝ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հարցերը՝ ընդգծելով բոլոր առանցքային ոլորտները ընդգրկող յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացումը։ Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումները եւ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ տարածաշրջանի զարգացման Հայաստանի տեսլականը։ Հանդիպման աւարտին, նախարարը գրառում կատարած է Ծերակոյտի «Ոսկէ գիրք»-ին մէջ՝ վերահաստատելով իր խորին երախտագիտութիւնը ծերակուտականներուն՝ ֆրանքեւհայկական բացառիկ յարաբերութիւններուն ի նպաստ անոնց մշտական յանձնառութեան համար։

***

Արտաքին  գործոց նախարար Պառոյի հետ հանդիպումին՝ կողմերը քննարկած են համագործակցութեան ամբողջ օրակարգը, ռազմավարական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ՝ ՀՀԵՄ գործընկերութեան ընդլայնումը։ Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային իրողութիւններուն, ներառեալ՝ Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն կեանքի կոչումը։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Փարիզի շարունակական յանձնառութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարական կայունութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ իր լիակատար աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Պառօ ողջունած է այս ուղղութեամբ վերջերս ձեռնարկուած քայլերը, ներառեալ՝ դէպի Հայաստան ապրանքներու տարանցման սահմանափակումները վերցնելու մասին Ազերպայճանի յայտարարութիւնը։

Այլ Հանդիպումներ

Փարիզի մէջ, նախարար Միրզոյեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Մարոքի Արտաքին գործոց նախարար Նասեր Պուրիթայի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին հետ։