Միրզոյեան. «Խաղաղութիւնը Հաստատուած է, բայց տակաւին շատ ընելիք կայ»
Հայաստան պատրաստ է օր առաջ խորհրդակցութիւններ սկսելու ազերպայճանական կողմին հետ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման վայրին եւ թուականին վերաբերեալ, սակայն չ՚ընդունիր ստորագրման համար Ազերպայճանի առաջ քաշած նախապայմանը։
Խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին վերահաստատած է Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
“Մենք յայտնեցինք, որ պատրաստ ենք օր առաջ սկսելու։ Այս պահուն իսկ ես պատրաստ եմ սկսելու խորհրդակցութիւններ ազերպայճանական կողմին հետ, ինչ կը վերաբերի փաստաթուղթի ստորագրման վայրին ու թուականին։ Ի հարկէ, գիտենք նաեւ ազերպայճանական կողմին մեկնաբանութիւնն ու պայմանը ասոր հետ կապուած։ Մենք այդ պայմանը չենք ընդունիր։ […] Մենք զայն որպէս քննարկելի օրակարգ չենք նկատեր եւ այդ պայմանը չենք ընդունիր։ Կը յուսամ, որ յառաջիկային գործընթացները այնպէս կը զարգանան, որ մենք խաղաղութեան սահմանակարգման այդ քայլը՝ ստորագրութիւնը, հետագային՝ վաւերացումը, եւս պիտի առնենք”,– ըսած է նախարարը։
Յիշեցնենք, որ Ազերպայճան խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրութեան համար յառաջ մղած էր Մինսքի խումբի լուծման (որ արդէն տեղի ունեցած է) եւ Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան նախապայմանները։ Հայկական կողմը բազմիցս ընդգծած է, որ սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը բացառապէս ներքաղաքական օրակարգի եւ Հայաստանի ժողովուրդի որոշելիք հարց է։
Նախարարը, սակայն, շեշտը դրած է այն իրողութեան վրայ, որ խաղաղութիւնը արդէն հաստատուած է՝ նկատի ունենալով համաձայնագրի նախաստորագրումը, անոր միջազգային լայն ողջունումը եւ երկու երկիրներու ղեկավարներուն՝ խաղաղութիւնը պահելու եւ զարգացնելու շարունակական յանձնառութիւնը։ “Այս առումով այն կարեւոր հանգրուանը, որ մենք կ՚ուզէինք՝ խաղաղութեան հաստատում՝ ստորագրութեամբ, տեղի ունեցած է նախաստորագրութեամբ։ […] Այս պայմաններուն մէջ այդ [վերջնական] ստորագրութիւնը միգուցէ արդէն գործընթացի աւելի շատ թեքնիք շարունակութիւնն է եւ, ի հարկէ, սահմանակարգումը”,– ըսած է ան։
Միրզոյեան ընդգծած է, որ տակաւին շատ աշխատանք կայ ընելիք՝ սկսած սահմանազատումէն, մինչեւ մարդասիրական հարցեր եւ գերիներու վերադարձ։