Ոչ-պաշտօնական այցով Փորթուկալ գտնուող ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններ՝ Վահէ Յակոբեան եւ Հռիփսիմէ Ստամբուլեան հանդիպում ունեցած են Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան (ԳԿՀ) Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի եւ Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամական միութեան նախագահ Վահէ Մխիթարեանի հետ։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին քննարկուած են համագործակցութեան եղանակներուն առնչուող հարցեր։










