Հռոմի պապ Լեւոն ԺԴ.-ն պիտի աղօթէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տաճարին մէջ

Նոյեմբեր 30-ին՝ Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին, Թուրքիա կատարելիք իր առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Հռոմի պապ Լեւոն ԺԴ.-ն Պոլսոյ մէջ պիտի այցելէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան՝ Սուրբ Աստուածածին պատրիարքական տաճարը։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ ծառայութիւնը։ Աղօթքը Պապին ծրագրին մէջ ընդգրկուած է որպէս քրիստոնէական զօրակցութեան եւ համաքրիստոնէական երկխօսութեան խորհրդանշական քայլ մը։

Հռոմի պապին այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին շրջանակին մէջ, որու յոբելեանը կը համարուի քրիստոնէական համընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան առանցքային թուականներէն մէկը։

Պապը, Նոյեմբեր 27-30 Թուրքիա այցելութենէն ետք՝ Դեկտեմբեր 1-ին երկօրեայ այցով կ՚երթայ Լիբանան։