Վարչապետը կը պնդէ, թէ Կաթողիկոսը իրաւասու չէր Տէր Արամը կարգալոյծ ընելու, քանի որ ինք «կարգալոյծ» է
Վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, որ յառաջիկայ Կիրակի, Նոյեմբեր 2-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Յովհաննավանքի մէջ մատուցուելիք Սուրբ պատարագին։
Պատարագը կը մատուցէ վանքի հոգեւոր հովիւ Տէր Արամ քահանայ Ասատրեան, որ նախապէս՝ Հոկտեմբեր 21-ին, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ կարգալոյծ հռչակուած էր։
Վարչապետ Փաշինեան, որ նախորդ Կիրակի՝ Հոկտեմբեր 26-ին եւս ներկայ գտնուած էր պատարագին, կը մերժէ Մայր Աթոռի որոշումը։ Դիմագիրքի իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթով մը, ան Կաթողիկոսը կ՚անուանէ «Կտրիճ Ներսիսեան» ու կ՚ըսէ.
«Ճիշդ ալ հո՛ս հոս է խնդիրը, որ Կանոնագիրք Հայոցի համաձայն՝ Կտրիճ Ներսիսեան չի կրնար ըլլալ Ամենայն հայոց կաթողիկոս, որովհետեւ դրժած է կուսակրոնութեան ուխտը եւ այդ իրողութեան բերումով կարգալոյծ է։ Հետեւաբար, կարգալոյծը չի կրնար կարգալոյծ ընել»։
Փաշինեան կ՚եզրափակէ, որ այս պատճառով Տէր Արամ իրաւունք ունի պատարագ մատուցելու, եւ ինք պիտի շարունակէ մասնակցիլ անոր արարողութիւններուն։