 
															Արամ քահանայ Ասատրեանին՝ Մայր Աթոռին կողմէ կարգալոյծ հռչակուիլը, յիշեալ քահանային այդ որոշումը մերժելը, զայն հակականոնական հռչակելով դատապարտելը եւ Յովհաննավանքի մէջ կիրակնօրեայ պատարագ մատուցելը նոր էջ մը կը բանան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծոցէն ներս։ Էջ մը, որ հակառակ շատ—շատերու աղէտալի գուշակութիւններուն, տագնապի հանգուցալուծման սկիզբը կրնայ հանդիսանալ։
Երկու պատճառով՝ նախ, գիւղացիներուն իրենց քահանային ցուցաբերած անսակարկ աջակցութեան եւ երկրորդ՝ պատարագին վարչապետին ներկայութեան։ Արամ քահանան Վեհափառին եւ եկեղեցական վերնախաւին ստեղծած կուռ պարիսպին վրայ առաջին ճեղքը բացաւ։ Եղան իրեն հետեւողներ։ Եւ դեռ պիտի ըլլան։ Լեզուները քակուելու սկսան եւ առաջին հերթին քահանաները, որոնք մեծագոյն տուժողներն են եկեղեցի—կառավարութիւն հակադրութենէն։ Քահանան զերծ է, իբրեւ ամուսնացեալ եկեղեցական, եկեղեցւոյ վերնախաւին կուսակրօնութեան, իմա՝ կին ունենալ—չունենալու տագնապէն, սակայն անոնք եւս կը ճաշակեն բարձրաստիճան եկեղեցականներու ստեղծած անպատւութիւնն ու հանրային կարծիքի ցասումը։ Նոյնքան ալ կը տառապին վերնախաւին արատաւոր միւս բարքերէն՝ դիրքի չարաշահում, նուիրապետական կարգին մէջ բարձր դիրքեր գրաւելու մրցակցութիւն,…։ Եւ ի տարբերութիւն սփիւռքի ծխական քահանաներուն, անոնք նոյնիսկ կայուն վարձատրութիւն չունին, Վեհափառը զլացած է իրենց այդ առաւելութիւնը։ Ուրեմն, կախեալ են միմիայն ծխական համայնքի սրտաբուխ նուիրատւութիւններէն։ Երեւակայեցէք վիճակը ծխական հովիւի մը, որ կը ծառայէ սահմանամերձ գիւղ մը, որուն բնակիչները նիւթապէս թշուառ կացութեան մէջ են. ինչպէս կ՚ուզէք որ քահանան պատշաճօրէն մատուցէ իր ծառայութիւնը։ Ստիպուած կ՚ըլլայ կողմնակի գործ մը ընելու եւ ատով ալ թիրախ կը դառնայ քննադատութեան՝ «եկեղեցականը բիզնեսով կը զբաղի»։ Այս պայմաններուն մէջ, Հայաստանի 700 քահանաներէն շատերուն երազը արտասահման մեկնիլն է, Մայր Աթոռի քմահաճ պահանջներէն ազատելու եւ տնտեսապէս նուազագոյն պատշաճ ապրուստ ապահովելու համար։
Վերջապէս, Փաշինեան—Գարեգին Բ. բախումը ո՛չ այնքան հետաքրքրական է, ո՛չ ալ խոստմնալից, երբ կը սահմանափակուի սահմանադրականօրէն պաշտպանուած երկու կառոյցի՝ եկեղեցի—պետութիւն պայքարով, որոնք իրարու վրայ դիրքային յարձակումներ կը կատարեն։ Թէեւ ներկայ պարագային Փաշինեանի դիրքերը շատ աւելի ամուր են, որովհետեւ ժողովրդային քուէով ընտրուած վարչապետ է եւ Վեհափառին ու եկեղեցւոյ վերնախաւին անոր ուղղած քննադատութիւններն ու ամբաստանութիւնները ունին բարոյական ամուր հիմքեր. եկեղեցին տակաւին չէ կրցած արժանահաւատ պատասխան մը տալկուսակրօնութիւնը խախտած եկեղեցականներուն դէմ յղուած ամբաստանութեան։ Տեսանիւթեր կը շրջին, հարցազրոյցներ եւ գաղտնի ձայնագրութիւններ նոր բացայայտումներ երեւան կը հանեն, որոնց համար Մայր Աթոռը ստիպուած է բացատրութիւն տալու, կարգապահական պատիժներ սահմանելու, կարգ ու կանոն հաստատելու, սակայն միակ կարգապահական որոշումը որ կայացուեցաւ ցայժմ, Արամ քահանայի կարգալուծման վերաբերողն էր։
Վարչապետը ունի նաեւ լուրջ դրդապատճառներ եկեղեցւոյ քաղաքական գործունէութեան հակազդելու, երբ եկեղեցին օտար երկրի կառավարիչներու քմահաճ ծառայութիւն կը մատուցէ, ինչպէս՝ Պելառուսիոյ մէջ հայկական եկեղեցւոյ բացումին՝ Վեհափառի դատապարտելի մասնակցութեան պարագան, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը այդ երկրին հետ կասեցուցած է դիւանագիտական յարաբերութիւնները, Արցախեան պատերազմին անոր թշնամական ու դաւադրական կեցուածքին պատճառով։
Փաշինեանի դիրքերը ամուր են նաեւ որովհետեւ կառավարութիւնն ու խորհրդարանի իշխանական խմբակցութիւնը միահամուռ կանգնած են վարչապետին կողքին։ Իսկ եկեղեցւոյ պարագային՝ ներքին ճեղքեր երեւան կու գան։ Կան նաեւ դատական հետապնդումներ, որոնք ցոյց կու տան եկեղեցւոյ բարեկարգումի անհրաժեշտութիւնը։
Ժ.Չ. ■