Ռուսաստան կը պարսաւէ Գիւմրիի ընդդիմադիր քաղաքապետին դէմ նոր մեղադրանքը

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30-ին խստօրէն քննադատած է Հայաստանի իրաւապահ մարմինները՝ Գիւմրիի բանտարկուած ընդդիմադիր քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի դէմ նոր մեղադրանքի յարուցման առթիւ։ Այդ մեղադրանքը կը բխի քաղաքապետին՝ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ սերտ կապեր հաստատելու կոչերէն։

Զախարովա նաեւ հարցադրած է, թէ ինչո՞ւ հայ իրաւապահները որեւէ մէկը դատի չեն տուած՝ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամակցելու կոչերուն համար։

Մեղադրանքին պատմութիւնը

Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Հոկտեմբեր 20-ին ձերբակալուած էր կաշառակերութեան մեղադրանքով, զոր ան կը մերժէ եւ կը վերագրէ քաղաքական դրդապատճառներու։ Սակայն, անցեալ շաբաթավերջին անոր դէմ նոր մեղադրանք մը եւս յարուցուեցաւ՝ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու կամ տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու կոչերու յօդուածով։

Այս նոր մեղադրանքին հիմքը Ղուկասեանի Սեպտեմբեր ամսուան յայտարարութիւնն է, թէ Հայաստան պէտք է Ռուսաստանի հետ «միութիւն» մը կազմէ՝ ԵՄի նման, մինչ կը պահպանէ իր «անկախ պետականութիւնը»։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 1-ին քննադատած էր Ղուկասեանի յայտարարութիւնը՝ զայն կոչելով «Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ», եւ խոստացած էր քաղաքապետը «դուրս շպրտել քաղաքական եւ հանրային դաշտէն»։ Ղուկասեանի փաստաբանները կ՚ըսեն, որ այս մէկը ինքնին կ՚ապացուցէ, թէ նոր մեղադրանքն ալ քաղաքական դրդապատճառ ունի։

Զախարովայի հեգնական արձագանգը

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Մարիա Զախարովա հեգնանքով մօտեցած է մեղադրանքին.

Անշուշտ, Հայաստանի իրաւապահ համակարգի աշխատանքը երկրին ներքին գործն է, սակայն անկարելի է չզարմանալ, որ ոմն կրցած է Ռուսաստանի հետ գործակցութեան առաւելութիւններու մասին յայտարարութիւններուն մէջ գտնել երկրի ինքնիշխանութենէն հրաժարելու կոչեր,– ըսած է Զախարովա՝ քմծիծաղով։

Ան շարունակած է. Եւ սա յատկապէս զարմանալի կը հնչէ հայ հանրային գործիչներու, պաշտօնեաներու եւ ղեկավարներու՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու անհրաժեշտութեան մասին բազմաթիւ յայտարարութիւններուն ենթախորքին վրայԻ՞նչ կը մտածեն [հայ] իրաւապահ մարմինները այդ մասին։

Զախարովա պնդած է, թէ «Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կը պահանջէ [անդամ պետութիւններու] ինքնիշխանութեան էական սահմանափակումԲայց ինչինչ պատճառներով մենք Հայաստանի մէջ որեւէ քրէական գործ չենք տեսած եւ լսած՝ եւրոպական ձգտումներուն սատարելու հիմքով»։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յոյս յայտնած է, որ հայկական դատական մարմինները «պիտի խուսափին քաղաքականացուած մօտեցումներէ»։

Ռուսական լրասփիւռներու հաղորդած լուրին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն լարուած են, մինչ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը փորձէ վերակողմնորոշուիլ դէպի Արեւմուտք եւ զիջումներ կատարել Ազերպայճանին ու Թուրքիոյ։

Ղուկասեանի ձերբակալութենէն ետք Փաշինեան իր քաղաքական հակառակորդները որակած էր «օտար պետութեան գործակալներ»՝ ենթադրաբար նկատի ունենալով Ռուսաստանը։ Ընդդիմադիր ղեկավարներն ալ կ՚ըսեն, թէ Փաշինեան կը ճնշէ այլախոհութիւնը՝ 2026-ի Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները կորսնցնելու վախէն։