Հռոմի մէջ միջազգային հաւաք՝ յանուն խաղաղութեան

Հռոմի մէջ, Հոկտեմբեր 26-28 տեղի ունեցած յանուն խաղաղութեան աւանդական միջազգային համաժողովին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն մասնակցեցան Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ ՏԽաժակ արք Պարսամեան եւ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Հոգեշնորհ Տէր Գարեգին վրդ Համբարձումեան։ Համաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ Սահակ արք Մաշալեանը։

Կրօններու եւ մշակոյթներու երկխօսութեան այս հաւաքը սկիզբ առած է 1986 թուականին, երբ Ս Յովհաննէս-Պօղոս Բ․պապի հրաւէրով առաջին անգամ Սուրբ Փրանկիսկոսի ծննդավայրի՝ իտալական Ասիզ քաղաքին մէջ, ամբողջ աշխարհէն միասնական աղօթքի հաւաքուեցան տարբեր կրօններու առաջնորդներ։ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող Սանթ Էճիտիօ (Comunità di Sant’Egidio) կազմակերպութիւնը որոշեց շարունակել լեհ Քահանայապետի վեհ նախաձեռնութիւնը՝ զայն վերածելով կարեւոր աւանդութեան։ Ինչպէս երէկ եզրափակիչ արարողութեան յայտարարեց Սանթ Էճիտիօ կազմակերպութեան ներկայի նախագահ փրոֆ Մարքօ Իմպալիացցօն՝ յառաջիկայ տարուան յոբելինական 40-րդ հաւաքը կը կատարուի Ասիզի մէջ։

Հռոմի մէջ այս տարուան միջոցառումը անցաւ «Խաղաղութեան յաւակնիլ» խորագրին ներքոյ։

Հոկտեմբեր 26-ի հանդիսաւոր բացման, ներկաները ողջունեց Հռոմի քաղաքապետ Ռոպերթօ Գուալտիերին, այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Սանթ Էճիտիոյի հիմնադիր, փրոֆեսէօր Անտրիա Ռիքարտին, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլան, Նորին Մեծութիւն Պելճիքայի թագուհի Մաթիլտան, Եւրոպայի Ռաբունիներու ժողովի նախագահ Փինչաս Կոլտշմիթը, Ալ-Ազհարի Գերագոյն Իմամ շէյխ Ահմէտ Մուհամմէտ էլ-Թալիպը եւ այլ նշանաւոր անձեր։

Բացման արարողութեան յաջորդող երկու օրերու ընթացքին տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքականութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան եւ գիտութեան ոլորտներու ծանօթ գործիչներ մասնակցեցան համաժողովի ընթացքին մատուցուած՝ տարբեր բնաբաններով 22 կլոր-սեղաններուն։

Գերշ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան մասնակցեցաւ «Չարին դիմագրաւել. մեր ժամանակներու նահատակները» խորագրով կլոր-սեղանին՝ ներկայացնելով խորաթափանց անդրադարձ նահատակութեան իմաստին՝ հայկական քրիստոնէական աւանդութեան համածիրին մէջ։

«Մեզի՝ հայերուս համար, — նշեց Սրբազանը, — նահատակը ոչ թէ զոհ է, այլ վկայ, որ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ մերձաւորի հանդէպ սիրոյն՝ իր կեանքը կ՚ընծայէ»։

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգութեան՝ Սրբազանը շեշտեց, որ ան փորձ էր վերացնելու ողջ ժողովուրդ մը, անոր մշակոյթը եւ Եկեղեցին։ Սակայն լոյսը չմարեցաւ։ Ան (Սրբազանը) ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ Սուրբ Նահատակներու սրբադասումը «ոչ թէ քաղաքական գործողութիւն էր, այլ հաւատքի դրսեւորում՝ հռչակում այն բանին, որ սէրը մահէն զօրաւոր է, որ ճշմարիտ յիշողութիւնը արդարութեան ձեւ է, եւ որ նահատակներու արիւնը կոչուած է ոռոգելու խաղաղութեան ծառը, եւ ոչ թէ վրէժխնդրութիւնը»։

Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ ներկայիս Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ քրիստոնեայ համայնքներու տառապանքներուն՝ աւելցնելով

«Մենք կը յիշենք նաեւ եզիտիները, մահմետականները, հրեաներն ու բոլոր այն խոցելի փոքրամասնութիւնները, որոնց արժանապատւութիւնը ոտնահարուած է մոլեռանդութեան եւ պատերազմի հետեւանքով»։

Այնուհետեւ Սրբազանը անդրադարձաւ վերջին տարիներուն արցախահայութեան ցաւալի փորձութիւններուն, որոնց հետեւանքով ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահանուեցաւ իր նախնիներու հողերէն, վնասուեցան եկեղեցիներ, պղծուեցան գերեզմանոցներ, իսկ մշակութային ժառանգութիւնը դարձաւ խոցելի։

«Եկեղեցին, — ըսաւ Սրբազանը, — կը շարունակէ աղօթել եւ գործել՝ հոգալով տեղահանուածներուն եւ պահպանելով ան յոյսը, որ արդարութիւնը կրնայ յաղթել առանց ատելութեան, իսկ հաշտութիւնը՝ կայանալ առանց ժխտումի»։

Իր ելոյթով Սրբազանը մատնանշեց չարիքը դիմագրաւելու վեց ուղի յիշել ճշմարտութիւնը, վկայել միասին, օգտագործել աղօթքն ու ապաշխարութիւնը՝ որպէս հաւատքի գործիքներ, ճշգրտօրէն ամոքել վէրքերը, միաւորել գթութիւնն ու արդարութիւնը եւ ձեւաւորել խաղաղութեան գիտակցութիւնը։

Ան բարձր գնահատեց Սանթ Էճիտիօ համայնքի գործունէութիւնը՝ բնութագրելով զայն որպէս «խաղաղութեան համբերատար կառուցում՝ աղօթքի, աղքատներու հետ բարեկամութեան եւ երբեք չյանձնուող երկխօսութեան միջոցով»։

Խօսքը եզրափակելով՝ Խաժակ Սրբազան կոչ ուղղեց ներկաներուն միանալու համընդհանուր յանձնառութեամբ

«Յիշել ճշմարտութեամբ եւ ձայնակցիլ  ձայնազուրկներուն։

Մերժել ատելութիւնը՝ նոյնիսկ երբ ան արդար կը թուի։

Պաշտպանել խոցելիները՝ երեխաները, տարեցները, տեղահանուածները եւ փոքրամասնութիւնները՝ անկախ շահերէն եւ աշխարհագրութենէն։

Պաշտպանել հաւատքի եւ խղճի ազատութիւնը, բոլորին համար անխտիր։

Եկեղեցիները, մզկիթներն ու սինակոկները դարձնել ողորմութեան տուներ եւ խաղաղութեան դպրոցներ։

Ամրապնդել իրաւունքի գերակայութիւնը, որպէսզի բռնութիւնը սահմանափակուի, իսկ հաշտութիւնը գտնէ իր իրական ուղին»։

Սրբազանը խօսքը աւարտեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքով։

Հոկտեմբերի 28, ժամը 16.30-ին, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ միաժամանակ աղօթք բարձրացուցին յանուն խաղաղութեան։ Քրիստոնեաներու միջեկեղեցական աղօթքը կատարուեցաւ Լեւոն ԺԴ․ պապի նախագահութեամբ Հռոմի գլխաւոր խորհրդանիշերէն մէկուն՝ Քոլիսէոմի մէջ։ Այլ կրօններու ներկայացուցիչները աղօթեցին Քոլիսէոմի յարակից տարբեր վայրերու մէջ։ Շուրջ կէս ժամ ետք բոլորը համախմբուեցան Քոլիսէոմի մօտակայքը բարձրացող Կոստանդինոսի կամարին առջեւ պատրաստուած հարթակին մօտ՝ մասնակցելու եզրափակիչ արարողութեան։

Աւարտին՝ հռչակուեցաւ Խաղաղութեան կոչը, ապա տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ վառեցին Խաղաղութեան մոմեր, որպէս համերաշխութեան եւ յոյսի նշան։ Այնուհետեւ կոչի թղթօրինակները բաժնուեցան ներկաներուն՝ որպէս խաղաղութեան ուղերձի տարածման խորհրդանշական քայլ։