Գերմանիոյ վարչապետը Թուրքիան կը նկատէ ԵՄ-ի «մտերիմ գործընկեր» եւ կ’ողջունէ Eurofighter-ներու գնումը

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց Թուրքիան կը նկատէ Եւրոպական Միութեան մտերիմ գործընկերը եւ կը փափաքի զարգացնել երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները, ներառեալ՝ փոխադրամիջոցներու ոլորտը։

Ես անձամբ եւ Գերմանիոյ կառավարութիւնը Թուրքիան կը նկատենք Եւրոպական Միութեան մտերիմ գործընկերը։ Մենք կը փափաքինք շարունակել ճամբայ հարթել դէպի Եւրոպա”,Թուրքիա կատարած իր առաջին այցին ընթացքին ըսած է Մերց՝ Էրտողանի հետ մամլոյ ասուլիսին։

Մերցի համաձայն՝ կողմերը խօսած են գաղթի խնդիրներուն մասին։ Օրակարգի այլ կարեւոր հարցերէն եղած է պաշտպանական գործակցութիւնը։

Կ՚արժէ յիշեցնել, թէ Թուրքիա շաբթուան սկիզբը ստորագրեց 20 Eurofighter կործանիչի գնումի համաձայնագիր մը։ Մերց ողջունած է ՕԹԱՆի անդամ Թուրքիոյ այդ գնումը։

Ռուսաստանի ռազմատենչ վերատեսութեան քաղաքականութիւնը (ռեւիզիոնիզմը) ամբողջութեամբ կը վտանգէ եւրոատլանտեան անվտանգութիւնըեւ այս համածիրին մէջ Գերմանիոյ կառավարութիւնը կ՚ողջունէ 20 Eurofighter ձեռք բերելու Թուրքիոյ որոշումը։ Այս սաւառնակերը պիտի ծառայեն դաշինքի հաւաքական անվտանգութեան”,ըսած է Մերց Անգարայի մէջ։

Նախապէս հաղորդուած էր, որ երկկողմանի քննարկումներ պիտի ըլլան Ուքրաինայի պատերազմին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ջանքերուն շուրջ եւս։ Երկու հակամարտութիւններուն մէջ ալ Թուրքիա միջնորդի դեր ունի։

Նշենք, թէ Eurofighter կործանիչները կը սարքուին Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ միացեալ գերընկերութեան՝ Eurofighter GmbH-իկողմէ։