Քննարկուած են ռազմավարական եւ տարածաշրջանային հարցեր
Հոկտեմբեր 30-ին, Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան—Ֆրանսա ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր։ Յատկապէս, անդրադարձ կատարուած է տնտեսութեան, ենթակառոյցներու եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան վերաբերող նիւթերու։ Փաշինեան եւ Մաքրոն անգամ մը եւս ընդգծած են, որ երկու երկիրներու գործակցութիւնը ունի ռազմավարական նշանակութիւն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են՝ շարունակելու հետեւողական քայլերը այդ ուղղութեամբ։

Ապա քննարկուած են տարածաշրջանային նշանակութեան հարցեր։ Ֆրանսայի նախագահը կրկին անգամ շնորհաւորած է Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան հաստատման առիթով եւ շեշտած է Ֆրանսայի անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման։
Մտքեր փոխանակուած են TRIPP ծրագրին եւ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ գործադրուող քայլերուն շուրջ։ Այդ համածիրին մէջ, վարչապետը անդրադարձած է գործադրուող աշխատանքներուն ընթացքին։
Վերջաւորութեան, Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանիւէլ Մաքրոն քննարկած են Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան հետագայ զարգացումը։ Երկու կողմերն ալ շեշտած են Հայաստան—ԵՄ գործընկերութեան նոր օրակարգի շրջանակին մէջ յարաբերութիւններու շարունակական ընդլայնման կարեւորութիւնը։
