Ինչպէս որ նախապէս յայտարարած էր, վարչապետ Փաշինեան յաջորդական երկրորդ անգամ մասնակցած է Յովհաննավանքի կիրակնօրեայ պատարագին, զոր կը մատուցէր Էջմիածնէն «կարգալոյծ» հռչակուած Արամ քհնյ Ասատրեան։ Արարողութեան աւարտին վարչապետը եւ իրեն ընկերացող բարձրաստիճան պաշտօնեաները հեռացած են եկեղեցւոյ զանգերուն եւ ծափահարութիւններու ներքոյ։
Այս անգամ պատարագին մասնակցած են նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան, Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան, երեսփոխաններ, մարզպետեր։