Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ, ուր կ‘ընթանայ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան՝ քաղաքական դրդապատճառներով պայմանաւորուած դատավարութիւնը, ազերպայճանցի դատախազը յայտարարած է անոնց մեղքին լիակատար ապացուցուած ըլլալուն մասին։ 15 հայ գերիներու, այդ թիւին՝ երեք նախկին նախագահներու դէմ այս գործով դատավճիռը, որուն ելքը կանխորոշուած կը թուի, կը մօտենայ։
Իր ամբաստանականին մէջ, Նոյեմբեր 3-ին, գլխաւոր դատախազի առաջին օգնական Վիւսալ Ալիեւ յայտարարած է, թէ ամբաստանեալներուն մեղքը «լիովին հիմնաւորուած է» հաւաքուած ապացոյցներով։ Մեղադրանքները կը պարունակեն չափազանց լայն ժամանակահատուած մը՝ 1988-էն մինչեւ 2023 թուական՝ փաստացի քրէականացնելով Արցախի ազգային—ազատագրական պայքարին ամբողջ շրջանը։
Ալիեւ ընդգծած է, որ մօտ մէկ տարի տեւած դատաքննութեան ընթացքին շուրջ 100 նիստ գումարուած է, հարցաքննուած են մեղադրեալներ, տուժողներ եւ վկաներ։ Սակայն, նկատի ունենալով ռազմական դատարանին մէջ ընթացող փակ գործընթացին բնոյթը, միջազգային դէտերուն կարծիքով՝ այդ ցուցմունքներուն անկախութիւնը եւ ամբաստանեալներուն հիմնական իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը լուրջ կասկածներ կը յարուցեն։
Ազերպայճան հայ ղեկավարները կը մեղադրէ ծանրագոյն յանցագործութիւններով, ներառեալ՝ ցեղասպանութիւն, ահաբեկչութիւն, յարձակողական պատերազմ եւ իշխանութեան բռնի գրաւում։ Մեղադրողը նաեւ փորձած է անոնց «անուղղակի» վերագրել «Հայաստանի պետութեան» նոյն ժամանակահատուածին «գործած» ենթադրեալ «ոճիրներուն» պատասխանատւութիւնը՝ այսպէսով փորձելով իրաւական ձեւակերպում տալ քաղաքական շինծու վարկածին։ Յատկանշական է, որ դատախազը պնդած է, թէ ամբաստանեալի աթոռին նստածները «բազմաթիւ ոճիրներ» գործած անձերուն «ընդամէնը մէկ մասն» է։
Թէեւ պետական «Azertac» գործակալութիւնը տակաւին չի յայտներ, թէ ի՞նչ պատիժներ պահանջած է դատախազը 15 հայերուն (ի շարս որոնց՝ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Բակօ Սահակեանի, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի եւ Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի) համար, մեղադրական ճառին խիստ ոճը ինքնին կասկած չի ձգեր պատրաստուող դատավճիռին մասին։ Նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը կ՚ընթանայ այս խումբէն անջատ։