Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարար եւ Փարիզի քաղաքապետի թեկնածու Ռաշիտա Տաթի (որ արդէն մայրաքաղաքի 7-րդ թաղամասի քաղաքապետուհին է) , Փարիզի փաստաբանական կաճառին բողոք ներկայացուցած է փաստաբան Ֆրանսուա Տէվէճեանի դէմ՝ զայն մեղադրելով «փաստաբանական մասնագիտութեան սկզբունքներու լուրջ եւ կրկնուող թերացումներ» գործելու յանցանքով։
Սակայն, Ֆրանսուա Տէվէճեան, որ ծանօթ է Հայ դատին իր աջակցութեամբ, «X» (նախկին Թուիթըր) ընկերային ցանցին վրայ կը յայտնէ, թէ գանգատին իրական պատճառը ուրիշ է։ Ըստ Տէվէճեանի՝ Տաթի կը փորձէ զինք լռեցնել, քանի որ ինք պարբերաբար կը քննադատէ նախարարին սերտ կապերը Ազերպայճանի հետ եւ անընդհատ կը յիշեցնէ, որ Տաթի կաշառակերութեան եւ պաշտօնի չարաշահման մեղադրանքով դատարան պիտի ներկայանայ։
Տէվէճեան Տաթիի այս քայլը կը նմանցնէ Իլհամ Ալիեւի գործելաոճին՝ գրելով. «Իր “լաւ բարեկամ” Իլհամ Ալիեւին պէս, Տիկին Տաթի չի սիրեր անոնք, որոնք իրեն կը հակառակին եւ կ‘ուզէ զանոնք լռեցնել։ Բայց Ֆրանսան Ազերպայճան չէ»։
Յիշեցնենք, որ Տաթիի փաստաբանը՝ մէթր Օլիվիէ Փարտօն կը պաշտպանէ նաեւ Ազերպայճանի շահերն ու Մաքսիմ Կոէնը, որ ծանօթ ժխտող մըն է Հայոց ցեղասպանութիւնը։