Ազերպայճանէն կը շարունակեն հնչել Հայաստանի հասցէին ուղղուած կոշտ յայտարարութիւններ եւ նոր պահանջներ, որոնք կը զուգորդուին ռազմական ուժի օգտագործման բացայայտ սպառնալիքներով։
Այսպէս, Ազերպայճանի խորհրդարանի երեսփոխան Քուտրէթ Հասանկուլիեւ յայտարարած է, թէ եթէ Հայաստան չբանայ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը», Պաքու կրնայ դիմել ծայրայեղ քայլերու։
Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ, խօսելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին, ան նշած է, որ Ազերպայճան պէտք է լուրջ բանակցութիւններ վարէ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, շրջանցելով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը։
Ըստ անոր՝ եթէ հայկական կողմը գործնական որոշում չկայացնէ, «Ազերպայճան ստիպուած պիտի ըլլայ ուժով մաքրելու միջանցքի տարածքը (նկատի ունի Հայաստանի Սիւնիքի մարզը), իսկ յետոյ խիստ երաշխիքներու ներքեւ զայն յանձնելու Ռուսաստանի կամ ՄԱԿ—ի վերահսկողութեան՝ 2020 Նոյեմբեր 10-ի կամ 2025 Օգոստոս 8-ի համաձայնագրերուն համաձայն»։