ՖՐԱՆՍԱ – CCAF կը յայտարարէ ընդհանուր քուէարկութեամբ ընտրութիւններ

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) կը յայտարարէ իր կանոնադրութեան մէջ «պատմական փոփոխութեան մը» մասին. այսուհետեւ կազմակերպութիւնը կը բացուի անհատ անդամներու առջեւ։

CCAF կ՚ըսէ.

«Առաջին անգամ ըլլալով, Ֆրանսայի բոլոր քաղաքացիները եւ 10 տարուան կեցութեան իրաւունք ունեցող բնակիչները (18 տարեկանէն վեր) կրնան ուղղակի անդամագրուիլ CCAF-ին, մասնակցիլ անոր Ազգային խորհուրդի (խորհրդակցական մարմին) ընտրութիւններուն, կամ իրենք իսկ թեկնածու դառնալ։

Այս բարեփոխումը, որ սկսած է 2023-ին, կը նպատակադրէ կառոյցը դարձնել աւելի ժողովրդավար, ներկայացուցչական եւ ընդգրկուն։ Առաջին անգամն է, որ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ դատի բարեկամ համայնքը ուղղակի ընդհանուր ընտրական իրաւունք (suffrage universel) կ՚ունենայ՝ իր ներկայացուցիչները նշանակելու համար։

Ընտրուած անհատ անձերու խումբը պիտի կազմէ Ազգային խորհուրդի անդամներուն մէկ քառորդէն մինչեւ մէկ երրորդը (ըստ քուէարկողներու թիւին)։ Ազգային Խորհուրդն է, որ պիտի ընտրէ Ազգային գրասենեակը (գործադիր մարմին) եւ պիտի սահմանէ կազմակերպութեան ընդհանուր ուղղութիւնները։

Գործնական տուեալներ

Անդամագրութիւն. Գործընթացը արդէն բաց է։ Քուէարկութեան մասնակցելու համար անհրաժեշտ է անդամագրուիլ մինչեւ 2026 Յունուար 31։

Անդամավճար՝ 10 եւրօ (սովորական), 5 եւրօ (18-25 տարեկաններու համար), 25 եւրոյէն սկսեալ (աջակցութեան համար)։

Թեկնածութիւն. Ցուցակները (որոնք պէտք է բաղկանան 5-էն 15 անձէ) կրնան ներկայացուիլ մինչեւ 2025 Դեկտեմբեր 31։

Ընտրութիւններ. Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ միայն ելեկտրոնային ճամբով՝ 2026 Փետրուար 6, 7 եւ 8-ին։

Գործընթացի կանոնաւորութեան պիտի հետեւի անկախ Ընտրական յանձնաժողով մը»։

Անդամագրուելու համար գործածել ստորեւ տրուած QR գաղտնագիրը.