Սամարղանտի մէջ ընթացող ԻՒՆԵՍՔՕ—ի Ընդհ. համաժողովի 43-րդ նստաշրջանին որոշուած է ընդգրկել հայ անուանի լեզուաբան, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի (1876-1953) ծննդեան 150-ամեակը, ինչպէս նաեւ Երեւանի՝ Հանրապետութեան հրապարակի շինարարութեան սկիզբի (1927) 100-ամեակը ԻՒՆԵՍՔՕ—ի՝ Ականաւոր անձնաւորութիւններու եւ Կարեւոր իրադարձութիւններու 2026-2027 տարեշրջանի օրացոյցին մէջ։
1998-էն ի վեր, ԻՒՆԵՍՔՕ—ի Ականաւոր անձնաւորութիւններու եւ Կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ ընդգրկուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 31 յոբելինական թուական։