Թուրք նախարարը կը շարունակէ յիշատակել «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը եւ կը փայփայէ անոր կապուած յոյսեր

Թուրքիոյ Փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու Ալանիա քաղաքին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտարարած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի կարճցնէ հեռաւորութիւնները, պիտի նուազեցնէ ծախսերը եւ պիտի ամրապնդէ Թուրքիոյ տարածաշրջանային առեւտրական հզօրութիւնը։

Ան նշած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի եւ Ալիճան (Մարգարա) սահմանային անցակէտի ծրագրերը պիտի վերահաստատեն Թուրքիոյ դերը տարածաշրջանային առեւտրի ցանցին մէջ, ստեղծելով նոր առեւտրական գիծ մը Ասիայէն դէպի Եւրոպա՝ ուղղակի կապելով Թուրքիան ու Ազերպայճանը։

Խաղաղութեան գործընթացը եւ Փաշինեանի առած ռիսկերը

Ուրալօղլու նշած է, որ Ալիճան սահմանային անցակէտին սկսուած են նախապատրաստական աշխատանքները, ներառեալ հոն գտնուող կամուրջի վերականգնումը։ Ան յայտնած է. Երբ աւարտի խաղաղութեան գործընթացը, Ալիճան անցակէտը պիտի բացուի։

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի խաղաղութեան գործընթացին՝ Ուրալօղլու նշած է, թէ հանդիպած է Ազերպայճանի եւ Հայաստանի նախարարներուն հետ։ Ան աւելցուցած է. Ներկայիս, լուրջ կարգաւորման գործընթաց մը տեղի կ՚ունենայ։ Յատկապէս Հայաստանի վարչապետը շատ լուրջ նախաձեռնութիւններ եւ ռիսկեր կառնէ։ Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք անոնց։

Թուրք նախարարը եզրափակած է, թէ նման զարգացում պիտի բարձրացնէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի արդիւնաւորութիւնը եւ ա՛լ աւելի արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ Չինաստանէն Մեծն Բրիտանիա տանող առեւտրական ուղին։