Հետախուզական լրատւութեան ամերիկեան «NewsGuard» կայքէջը,– որու ստեղծման (2018-ին) գլխաւոր նպատակը եղած է կեղծ լուրերու դէմ պայքարը,– Նոյեմբեր 11-ին հրապարակած է վերոնշեալ խորագրով (Russia Targets Armenia’s Elections — Early and Viciously) վելուծական յօդուածը, որու հեղինակներն են ՄըքՔենզի Սատեղի, Իւա Մեյթլընտ եւ Ալիս Լի։ Վերլուծութիւնը կը յայտնէ, թէ Քրեմլինի՝ դրացի երկրի մը ներքին գործերուն միջամտելու վերջին արշաւը սկսած է նախորդներէն աւելի կանուխ, բայց կիրարկուած ռազմավարութիւնը նոյնն է։
«NewsGuard»-ի յօդուածին համաձայն, Ապրիլ ամսէն ի վեր, Ռուսաստանի քարոզչական գործիքակազմը տարածած է 18 կեղծ պնդում՝ թիրախաւորելով Հայաստանի արեւմտամէտ կառավարութիւնը։ Այս պնդումները յայտնուած են 13.883 ընկերային ցանցերու հրապարակումներու եւ յօդուածներու մէջ եւ ընդհանուր առմամբ ունեցած են 45 միլիոն դիտում։
Կանուխ սկսած միջամտութիւնը
Կառավարական կաշառակերութեան, սեռային գայթակղութիւններու եւ չարաշահումներու մասին կեղծ պատմութիւնները սկսած են տարածուիլ Հայաստանի՝ 2026 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն 14 ամիս առաջ, ինչ որ սովորականէն շատ աւելի կանուխ սկիզբ մըն է՝ համեմատած Ռուսաստանի նախորդ ջանքերուն։
Ռազմավարութիւն
Կեղծ պնդումները օգտագործած են Արհեստական Բանականութեամբ (AI) ստեղծուած կեղծ լրատուական կայքեր, համակարգուած ընկերային ցանցերու հաշիւներ եւ խարդախուած տեսանիւթեր։ Այս նիւթերը տարածուած են 11 ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ՝ ութ լեզուներով։
Հայ—ամերիկեան քաղաքական գիտութիւններու դասախօս Ներսէս Քոփալեան «NewsGuard»-ին ըսած է, թէ «Հայաստանը Ռուսաստանի համար աւելի կարեւոր է քան Գերմանիան, Ռումանիան եւ նոյնիսկ Մոլտաւիան»։ Քոփալեանի կարծիքով՝ Ռուսաստանի տեսնել ուզածն է՝ քաղաքականապէս անկարող, անգործունակ եւ յոգնած Հայաստան մը։
Թիրախաւորուած կէտերը
Անհերքելի փաստ է, որ խնդրոյ առարկայ կեղծ պնդումները «ստորագրութիւնը կը կրեն» յատկապէս արհեստագիտական միջոցներու օժանդակութեամբ՝ կեղծ լուրեր տարածելու համար ստեղծուած «Storm-1516» համակարգի, ինչպէս նաեւ Եւկենի Փրիգոժինի հիմնած «Անարդարութեան դէմ պայքարի հիմնադրամ» կեղծ իրաւապաշտպանական կազմակերպութեան ռազմավարութեան։
Վերոնշեալ 18 կեղծ պնդումներէն հինգը մեղադրած են Փաշինեանը՝ Հայաստանի ազգային ինքնիշխանութեան դաւաճանելով, ինչ որ արդէն Հայաստանի մէջ գերզգայուն նիւթ է։
Ուրիշ կեղծ պնդում մը յայտնած է, թէ Փաշինեան կը բանակցի ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Սիւնիքի մարզի 1.200 քառ. քմ. հողատարածքը Ազերպայճանին յանձնելու շուրջ։ Վարչապետին մամլոյ քարտուղարը՝ Նազելի Բաղդասարեան հերքած է զայն՝ նշելով, որ սա «ամբողջութեամբ սուտ է» եւ «աւելի լայն ապատեղեկատուական արշաւի մը մէկ մասն է»։
Հինգ անհիմն պնդումներ ալ մեղադրած են Փաշինեանը եւ անոր կառավարութեան անդամները սեռային յանցագործութիւններով։ Սա եւս փաստօրէն կը կրէ Քրեմլինի «ստորագրութիւնը», քանի որ Մոսկուա նախապէս նման զրպարտութիւններու թիրախ դարձուցած է Մոլտաւիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու գործիչներ։
Կեղծ լուրերու տարածումը
Կեղծ լուրերու «փոխանցիկ»՝ արագ տարածուող օրինակներէն եղած է պնդումը, թէ ֆրանսական Orano միջուկային ընկերութիւնը 1,6 միլիոն եւրօ կաշառքի դիմաց համաձայնագիր կնքած է Հայաստանի հետ՝ իր միջուկային թափօնները Դիլիջանի Ազգային պուրակին մէջ թաղելու համար։ Այս լուրը ծնունդ առած է ֆրանսական կեղծ տեղական կայքի մը վրայ, ապա տարածուած է կեղծ բնապահական կազմակերպութեան մը յայտարարութեամբ, այնուհետեւ ալ ազերպայճանական ու միջազգային լրասփիւռներու միջոցով։
Արհեստական Բանականութիւնը (AI) նոյնպէս մասնակցած է տարածումին. առաջատար AI հարթակներ (Perplexity, Meta’s AI, Copilot, Mistral’s Le Chat) կրկնած են միջուկային թափօնի մասին այդ կեղծ պնդումը՝ զայն նկատելով ստոյգ աղբիւր։
Ռուսաստանի միջամտութեան ջանքերը կու գան այն պահուն, երբ Փաշինեանի քաղաքական դիրքը կը թուի խոցելի։ Յունիս 2025-ի հարցախոյզի մը համաձայն՝ ընտրողներու ընդամէնը 17 տոկոսը ըսած էր, թէ պիտի քուէարկէ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ի նպաստ։