Ձերբակալուած են «Իմնեմնիմի» փոտքասթի հաղորդավարներ Սամսոնեանն ու Սաղաթէլեանը

ԱԱԾ-ի աշխատակիցները կը տանին Նարեկ Սամսոնեանը

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցները Նոյեմբեր 13-ին, մէկ ժամէ աւելի տեւած քննչական գործողութենէ մը ետք, վաղ առաւօտեան ձերբակալած են ու Քննչական կոմիտէ տարած ընդդիմադիր AntiFake TV-ի «Իմնեմնիմի» փոտքասթի հաղորդավարներ Նարեկ Սամսոնեանն ու Վազգէն Սաղաթէլեանը։ Քննիչը յայտնած է, որ Սամսոնեան կը մեղադրուի խուլիկանութեան յանցանքով։

Պատճառը փոտքասթի Նոյեմբեր 10-ի հաղորդումն է՝ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ 7 ժամ տեւած հարցազրոյցը։ Հոն Նարեկ Սամսոնեան ու Վազգէն Սաղաթէլեան անդրադարձած են Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին, ըստ վերջինիս՝ «զրպարտական եւ վիրաւորական արտայայտութիւններով եւ իր դէմ սպառնալիքներով»։ Սիմոնեան իրաւապահ մարմիններուն բողոք ներկայացուցած է, որպէսզի տրուի իրաւական գնահատական։

Աւելի ուշ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին, Սիմոնեան յայտարարած է, որ օրէնքով պիտի պատժուին բոլոր անոնք, որոնք խուլիկանութիւն կ՚ընեն, սպառնալիքներ կը հնչեցնեն։

Ամենակարեւորը՝ յուզումէն, վիրաւորանքէն ու զրպարտութիւնէն անդին, կա՛յ քրէական բաղադրիչ երբ դուն մէկուն կը սպառնաս. եւ հոս, խօսքը ասոր մասին է։ Մենք այլ հասարակարգ պիտի ունենանք, զիրար պիտի չդաշունահարենք. այդ տղոց այսպիսի վարքին միակ պատճառը՝ քրէական ենթամշակոյթով ապրիլը, մէկը միւսը ստորնացնելը եղած է”,նշած է խորհրդարանի նախագահը։

Սիմոնեան Վազգէն Սաղաթէլեանէն կը պահանջէ 2 միլիոն դրամ փոխհատուցում, ինչպէս նաեւ հրապարակաւ ներողութիւն ընկերային ցանցերու անձնական էջին վրայ՝ 5 աշխատանքային օրուան ընթացքին։

Այսինքն՝ եթէ սպառնալիք կը հնչէ, ի՞նչ պէտք է ընեմ։ Չէի կրնար չդիմել, դիմեցի, պիտի դիմեմ եւ լաւ եմ ըրած. թէ ի՞նչ պէտք էր, որ ընէի”,աւելցուցած է Ազգային ժողովի նախագահը։

Քննչական կոմիտէէն յայտնած են միայն, որ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջագիծին մէջ կը կատարուին անյետաձգելի քննչական գործողութիւններ։ Այլ տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։